Հայաստանի Նոր Խորհրդարանը Պիտի Ունենայ 132 Պատգամաւորներ

By Asbarez | Tuesday, 11 December 2018

1280px-Armenian_National_Assembly_2018.svg

ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ Հայաստանի նոր խորհրդարանը պիտի ունենայ 132 պատգամաւորներ, որովհետեւ, ըստ mega-info.am-ի, «Իմ Քայլը» դաշինքը ստացած է ձայներուն առաւել քան 70 տոկոսը, եւ որովհետեւ, ըստ Ընտրական օրէնսգիրքին, Ազգային ժողովին մէջ  ընդդիմութիւնը չի կրնար 1/3էն պակաս իրաւագիրներ ունենալ, հետեւաբար, Ազգային ժողով անցած միւս երկու ուժերը լրացուցիչ իրաւագիրներ պիտի ստանան, որպէսզի անոնց ներկայութիւնը Ազգային ժողովին մէջ  կազմէ անդամներուն 1/3ը:

Հաշուարկներուն իբրեւ արդիւնք կը պարզուի, որ «Իմ Քայլը» դաշինքը կը ստանայ 84 իրաւագիրներ, նաեւ ըստ Տոնթի բանաձեւին, «Իմ Քայլը» դաշինքին բաժին կը հասնին ազգային փոքրամասնութիւններուն հասնող 4 իրաւագիրները:

Այսպիսով, «Իմ Քայլը» դաշինքը պիտի ունենայ 88 իրաւագիրներ:

Ըստ նախնական հաշիւներու՝ Ազգային ժողով անցած միւս երկու ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ը պէտք է ունենար 10ը, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան»ը 7 իրաւագիրներ, սակայն անոնք պիտի ստանան լրացուցիչ իրաւագիրներ:

Այսպիսով, Ազգային ժողովին մէջ իրաւագիրները պիտի բաշխուին հետեւեալ ձեւով.

«Իմ Քայլը»՝ 88 իրաւագիր

«Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 26 իրաւագիր

«Լուսաւոր Հայաստան»՝  18 իրաւագիր:

comments