Փաշինեան Կը Վերահաստատէ Առանց Նախապայմաններու Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ Հաստատելու Պատրաստակամութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 11 December 2018

1211pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օտարերկրեայ լրատուական միջոցներու հետ Երկուշաբթի, 10 Դեկտեմբերին ունեցած իր հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու:

«Յուսով ենք, որ Թուրքիան նոյնպէս այդպիսի կեցուածք կ՛ընդունի», ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանի համար անընդունելի նախապայմաններու շարքին Փաշինեան նշեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «Բայց Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի հետ, երրորդ երկրի հետ: Ես նկատի ունեմ Ադրբեջանը», ըսաւ Փաշինեան:

Նոյն հանդիպման ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, եւ չի ձգտիր դէպի ՆԱԹՕ, բայց պիտի շարունակէ պահպանել յարաբերութիւնները դաշինքին հետ:

«Մենք յարաբերութիւններ ունենք ՆԱԹՕի հետ, դրանք կապուած են խաղաղապահ առաքելութիւնների հետ, այդ թւում՝ Կոսովոյում, Աֆղանստանում, եւ մենք շարունակելու ենք այդ համագործակցութիւնը: Բայց մենք չենք ձգտում դէպի ՆԱԹՕ, մենք ՀԱՊԿի անդամ ենք», նշեց Փաշինեան:

«Մենք գործընկերներ ենք ե՛ւ ՌԴի, ե՛ւ ԵՄի հետ, եւ չենք գտնւում որեւէ մէկի ազդեցութեան ներքոյ», շեշտեց Փաշինեան:

comments