Հայաստանի Բնակչութեան Դրամատնային Աւանդներուն Ծաւալը 37.2 Տոկոսով Աճած Է

By Asbarez | Monday, 19 December 2011

ԵՐԵՒԱՆ.- 2011ի Հոկտեմբերի դրութեամբ, Հայաստանի առեւտրային դրամատուներուն մէջ բնակչութեան աւանդներուն գումարը հասած է գրեթէ 443.6 միլիառ դրամի՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճելով 120.2 միլիառով (37.2 տոկոս):

Յունուար-Սեպտեմբերին մանրածախ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալին աճը կազմած է ընդամէնը 2.8 տոկոս, իսկ Հոկտեմբերին՝ հասած է զեռոյի:

Ապրանքներու սպառման խիստ ցած մակարդակին եւ վերջին շրջանին նկատելի գնաճի պայմաններուն մէջ, «բնակչութեան» աւանդները առեւտրային դրամատուներուն մէջ յստակ աճ կ՛արձանագրեն։

Կարելի է եզրակացնել, որ ի տարբերութիւն խորհրդային շրջանին, երբ գրեթէ իւրաքանչիւր ընտանիք աւանդ ունէր, ներկայիս խնայողութիւն ունենալը անհասանելի երեւոյթ է շատ ընտանիքներու համար: Եթէ աւանդներուն գումարը հաւասարաչափ բաշխուի բնակչութեան միջեւ, ապա իւրաքանչիւր ընտանիք պիտի ունենայ շուրջ 570 հազար դրամի չափով խանայողութիւն:

Համաձայն հետազօտութիւններու, արտերկրէն փոխանցումներ ստացող ընտանիքները կրնան խնայել չնչին մաս մը միայն։ Կարելի է եզրակացնել, որ արտարժոյթով աւանդներ ունեցողները կը պատկանին այլ խաւի: Իսկ արտարժոյթով աւանդներու ծաւալը աւելի նշանակալի է:

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան արտարժոյթով աւանդներուն ծաւալը կազմած է 318.4 միլիառ դրամ:

Դրամային աւանդներու բացարձակ աճը մէկ տարուան ընթացքին կազմած է 41.8 միլիառ դրամ, իսկ արտարժութային աւանդներունը՝ 78.3 միլիառ: Ընդ որում, Հայաստանի քաղաքացիները նախապատուութիւնը կու տան տոլարին եւ եուրոյին:

comments