Միացեալ Նահանգները Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Քաղաքացիները

By Asbarez | Saturday, 15 December 2018

1212us

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Միացեալ Նահանգները կը շնորհաւորէ Հայաստանի քաղաքացիները՝ 9 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով», ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ 10 Դեկտեմբերին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ կ՛ողջունէ միջազգային դիտորդներուն գնահատականը, որուն համաձայն՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները մրցակցային էին եւ թեկնածուներուն առիթ տրուած էր ազատ քարոզչութիւն վարել:

«Միացեալ Նահանգները կը միանայ ԵԱՀԿի նախնական գնահատականին, որուն համաձայն՝ ընտրական գործընթացը կը վայելէր հասարակական լայն վստահութիւն եւ համապատասխան էր հիմնարար ազատութիւններուն։ Այս տարին Հայաստանի համար կարեւոր փոփոխութիւններու տարի մըն էր: 27 տարի շարունակ Միացեալ Նահանգներ ձգտած է աջակցիլ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ հաստատութիւններու զարգացման եւ մենք պիտի շարունակենք այդ ջանքերը։ Մենք կ՛ակնկալենք համագործակցիլ Հայաստանի նոր խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ՝ խորացնելով մեր երկկողմանի գործընկերութիւնը եւ համագործակցութիւնը, ամրապնդելով օրէնքի գերիշխանութիւնը եւ ժողովրդավար հաստատութիւնները, պայքարելով զեղծարարութեանց դէմ, զարգացնելով առեւտուրը եւ ներդրումները, երաշխաւորելով տարածաշրջանային ու համաշխարհային ապահովութիւնը», ընդգծուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement