Հրանդ Մարգարեան.- Յանուն Ղարաբաղի Եւ Ընդդէմ Ոչ Ոքի

By Asbarez | Thursday, 20 December 2018

1218hrantmarkarian

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, Արցախի Հանրապետութեան նախագահը 14 Դեկտեմբերին ընդունած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:

Հանդիպումին քննարկուեցան պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Մեր կենսագրութեան անբաժանելի մասն է Ղարաբաղի ազատագրական պայքարը: Մեր սերունդը կրնայ պատմութեան մէջ պարզերես դուրս գալ միայն Ղարաբաղի պայքարով: Անոր համար մենք շատ ծանր գին վճարած ենք: Մեծ յաջողութիւններ, նուաճումներ ունեցած ենք: Յաղթանակը, յաջողութիւնները կարեւոր կը նկատուին միայն այն ժամանակ, երբ դուն ընդունակ ես զանոնք պահպանելու: Եւ այս պահուն է, որ պառակտումը կրնայ մահացու ըլլալ: Պառակտումը կրնայ կործանարար ըլլալ: Բոլոր այն քայլերը, շարժումները, որոնք կրնան այդ պառակտումին նոյնիսկ տպաւորութիւնը ձգել, պէտք է բացառուին: Այսօր միասնականութիւնը ամէնէն կարեւոր օրակարգն է, որ Ղարաբաղի առջեւ դրուած է: Ներքին միասնականութիւնը՝ յանուն Ղարաբաղի եւ ընդդէմ ոչ ոքի»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement