Իքոնոմիսթը Իր Տարուան Երկիրը Կը Հռչակէ Հայաստանը

By Asbarez | Thursday, 20 December 2018


1219economist arm

ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական հեղինակաւոր «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը 18 Դեկտեմբերին հաղորդեց, թէ իր «Տարուան Երկիրը» ընտրած է Հայաստանը։

Թերթը կը շեշտէ, թէ որոշումը հիմնուած է յատկապէս այն իրողութեան վրայ, որ Հայաստանի մէջ մենատիրական կառավարութեան մը տապալումը խաղաղօրէն իրականացած է Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային ցոյցերուն շնորհիւ՝ աւելցնելով, որ օրէնքի սահմաններուն մէջ իրականացած յեղափոխութիւնը ամրագրուեցաւ ընտրութիւններուն ընթացքին Փաշինեանի կուսակցութեան խլած քուէներուն 70 տոկոսով։

«Հայաստան մերժեց Փութինի օրինակով իշխանափոխութիւնը եւ ոչ ոք սպաննուեցաւ։ Ռուսիոյ ոչ մէկ առիթ տրուեցաւ միջամտելու։ Սակայն պէտք է զգուշացնել, որ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի հողային տարակարծութիւնը անլոյծ կը մնայ եւ կրնայ բռնկիլ։ Բայց, վաղեմի եւ յաճախ վատ կերպով կառավարուած երկիրը այդ անկայուն շրջանին մէջ առիթը ունի վերանորոգուելու եւ ամրապնդելու ժողովրդավարական կարգերը», կը գրէ թերթը։

Հայաստանի ամենամօտիկ մրցակիցները հանդիսացան Մալիզիան, որուն զեղծարար վարչապետը պաշտօնազրկուեցաւ երկրին քուէարկողներուն կողմէ, եւ Եթ-ովպիան, որուն նոր ղեկավարը յատկանշական քաղաքական բարեկարգումներ իրականացուց։

Թերթը այս լուրը կ՛աւարտէ անգլիատառ հայերէն գրելով՝ «Շնորհաւորում եմ»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement