Շուրջ Երկու Տասնեակ Երիտասարդներ Իրենց Դաշնակցականի Երդումը Տուին Հրայր Մարուխեանի Շիրիմին Առջեւ

By Asbarez | Thursday, 20 December 2018

fgfgfgggf

1221maroukhian

ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ Դաշնակցութեան երկարամեայ ղեկավարներէն Հրայր Մարուխեանի շիրիմին առջեւ հարիւրաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած էին՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ժամանակակից հայ քաղաքական միտքի երեւելի գործիչի յիշատակին՝ անոր ծննդեան 90ամեայ յոբելեանին եւ մահուան 20րդ տարելիցին առթիւ:

Նոյն ատեն, շուրջ երկու տասնեակ երիտասարդներ իրենց դաշնակցականի երդումը տուին։

Նորագիրներուն կնքահայրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Միջոցառման ներկայ էին Հրայր Մարուխեանի այրին՝ տիկին Անահիտ Մարուխեան, դուստրը՝ Շաղիկը, թոռնուհին՝ Անահիտը, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Հայաստանի Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու անդամներ, պատանիներ, քաղաքացիներ եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր:

«Հպարտ եմ, որ Հրայր Մարուխեանի թոռն եմ: Ափսոս՝ նրան չեմ տեսել: Անհամբեր սպասում եմ, որ երբ 18 տարեկանս լրանայ, տամ դաշնակցականի երդում», յայտնեց Հրայր Մարուխեանի թոռնուհին՝ Անահիտը:

Ամուսինին շիրիմին մօտ նստած տիկին Անահիտը ամբողջ ընթացքին լուռ էր, սակայն երբ լրագրողը մօտեցաւ իրեն, արտասանեց մէկ նախատասութիւն. «Շարունակէ՛ք նրա ճամբան…»:

Միջոցառման ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան: Դիմելով ներկաներուն եւ դաշնակցական դառնալու երդում տալու պատրաստուող երիտասարդներուն՝ ան ըսաւ. «Այսօր այստեղ ենք յիշատակի առիթով, սակայն այս հաւաքն աւելի շատ երդման վերակրկնութիւն է, մեր ուխտի վերահաստատումն է, յիշատակի խօսք ասելն ու կրկնելը, որ մեր ճանապարհն ու պայքարն անսասան են: Այդ պայքարը նոր ուժ է ստանում մեր բոլոր նուիրեալ նահատակ հերոսներով, յատկապէս այսօր՝ ընկեր Հրայր Մարուխեանի շիրիմի մօտ:

Խորհրդանշական է այս օրը, որովհետեւ յիշատակի խօսք ասելը լոկ պատմութեանը մէկ վայրկեան նայելն է, պատմութիւնով ապրելն է: Այսօր մենք այստեղ ենք մեր երիտասարդ նոր սերնդով, որը մի քանի րոպէից տալու է դաշնակցականի երդումը եւ գալու է մի մեծ ընտանիք, որի հազարաւոր անդամներ այսօր նաեւ գլուխ են խոնարհում ընկեր Հրայրի շիրիմի առաջ»:

Այնուհետեւ օրուան խորհուրդին մասին ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան:

Դիմելով ընկեր Մարուխեանի ընտանիքի անդամներուն՝ ան նշեց. «Այսօր մենք յիշում ենք ընկեր Հրայրին, ով ե՛ւ հայոց պատմութեան, ե՛ւ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ համարեա երեք տասնամեակ եղել է ամենակարեւոր դէմքերից մէկը: Նա խորհրդանշում էր Դաշնակցութեան սերնդափոխութիւնը. Սփիւռքում ծնուած սերունդը գալիս էր ստանձնելու Դաշնակցութեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւնը: Կուսակցութեան մէջ ընկեր Հրայրի սերունդը յատկանշւում է մի քանի կարեւոր ուղղութիւններով, որոնք իրենց մեծ ազդեցութիւնը թողեցին մեր կուսակցութեան եւ, ընդհանրապէս, ժողովրդի կեանքում:

Առաջինը՝ կուսակցութիւնն իր գաղափարական հիմունքներին վերադարձնելն էր կամ գաղափարական հիմունքները կուսակցութեանը վերադարձնելն ու այն արդիականացնելը: Խօսքը վերաբերում է Դաշնակցութեան ծրագրի վերանայմանը, Դաշնակցութեան ծրագրում ընկերվարական գաղափարախօսութեան արդիականացմանն ու մեր քաղաքական պահանջների յստակեցմանը:

Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը Հայ Դատի համար ուժեղ պայքարն է, որն իր ազդեցութիւնն ունեցաւ ոչ միայն մեր երիտասարդ սերնդի վրայ, այլեւ համաշխարհային իրականութեան մէջ ճեղքեց լռութեան պատը, որ բարձրացուել էր Հայ Դատի շուրջ:

Երրորդը «Դէպի երկիր»ն է, որ սկիզբ առաւ Արցախեան շարժումից, բայց վերջում նաեւ առաջնորդեց Արցախեան շարժումը: Արցախեան շարժումը վերաճեց Արցախեան ազատամարտի, եւ, անշուշտ, Հայաստանի անկախութեան ու Հայաստանի Հանրապետութիւն կուսակցութեան վերադարձի հարցում կարեւոր դերակատարը, առաջնորդող դէմքը ընկեր Հրայր Մարուխեանն էր»:

Մանոյեան ընդգծեց, որ Հրայր Մարուխեանի նկարագրի կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը երիտասարդներուն վստահիլն էր, եւ անոնց խրախուսելը:

Յուշ-միջոցառումը աւարտեցաւ ներկաներու «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»ի եւ «Վէրքերով լի»ի երգեցողութեամբ:

Միջոցառման աւարտին ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին եւ խունկ վառեցին նաեւ դաշնակցական Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement