Մենք Չենք Ուզում Խաչ Քաշել Սփիւռքի Նախարարութեան Վրայ. Փաշինեան

By Asbarez | Thursday, 17 January 2019

0111pashiniandiaspora

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին անդրադարձաւ սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:

«Ես ուզում եմ առանձնայատուկ անդրադառնալ սփիւռքի նախարարութեան պարագային, որովհետեւ, կարծում եմ, թիւր տպաւորութիւն կայ, թէ մենք ուզում ենք խաչ քաշել սփիւռքի նախարարութեան վրայ: Հակառակը, տուեալ դէպքում էլ խնդիրը շատ յստակ է ձեւակերպուած՝ Սփիւռքի հետ կառավարութեան յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը դարձնել առաւել արդիւնաւէտ եւ այս առումով մենք որոշակի մոդել ու առաջարկ ունենք, որը ենթադրում է, որ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների մակարդակն, ըստ էութեան, ոչ թէ կը նուազեցուի, այլ կը բարձրացուի», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այդ տարբերակին վերաբերեալ յառաջիկային նաեւ քննարկումներ պիտի ունենան Սփիւռքի հայրենակիցներուն հետ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնած է, թէ յոյս ունի, որ այս հարցին վերաբերեալ պիտի հասնին համաձայնութեան եւ հաւանութեան: «Կրկին ասում եմ, որ այստեղ մեր խնդիրը յարաբերութիւնների արդիւնաւէտութեան մակարդակի բարձրացումն է, որպէսզի փոխադարձաբար գոհ լինենք ինչպէս ընթացքից, այնպէս էլ արձանագրուած արդիւնքներից: Մենք, իհարկէ, կը գնանք հետեւողական, հաստատուն եւ մտածուած քայլերով, համոզուած եմ, որ արձանագրուած լուծումները պէտք է ապացուցեն իրենց կենսունակութիւնը եւ, իհարկէ, պէտք է գոհացնեն բոլոր այն մարդկանց, ովքեր մտահոգուած են Հայաստանում պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիրներով եւ այն համարում են իրենց լուծելիք խնդիրը», ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին մինչ այժմ հրապարակուած նախագիծին համաձայն՝ նոր կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետէ եւ նախարարներէ: Պիտի կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը: Նախագիծով կը նախատեսուի ունենալ հետեւեալ 12 նախարարութիւնները՝ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութիւն, առողջապահութեան նախարարութիւն, արդարադատութեան նախարարութիւն, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, արտաքին գործոց նախարարութիւն, բնապահպանութեան նախարարութիւն, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն, բարձր ճարտարարուեստներու եւ ռազմարդիւնաբերութեան նախարարութիւն, տնտեսական զարգացման եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն եւ ելեւմուտքի նախարարութիւն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement