Արարատ Միրզոյեան Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

By Asbarez | Thursday, 17 January 2019

0115araratmirzoyan

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի 7րդ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեան:  14 Յունուարին, Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Յովակիմեան:

«Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ, Ազգային ժողովի 132 պատգամաւորներուն 131 թեր ձայնով, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Արարատ Միրզոյան», յայտարարեց Յովակիմեան: 1 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուեցաւ:

Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան՝ այսպիսի բարձր քուէին համար: «Այսպիսի քուէ իսկապէս պարտաւոր կը դարձնէ: Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին իւրաքանչիւր վայրկեանը պիտի աշխատիմ յիշել այս պարտաւորութիւնը», յայտնեց Միրզոյեան:

Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները նախագահի թեկնածու չէին առաջադրած:

comments