Նախագահ Բակօ Սահակեան Իր Նստավայրին Մէջ Ողջունեց ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովին Մասնակցողները

By Asbarez | Wednesday, 30 January 2019

0124worldcongress

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 23 Յունուարին ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին մասնակցողները:

Նախագահը ողջունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը Արցախի մէջ գումարելու քայլը, զայն նկատելով կարեւոր ներքաղաքական իրադարձութիւն Արցախի համար:

Նախագահ Սահակեան արժեւորեց ՀՅԴի ներդրումը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին, պետականութեան ձեւաւորման եւ կայացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու համազգային հարցերու լուծման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերող հարցեր:

comments