Մոսկուա Կ՛ողջունէ Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Շփումները

By Asbarez | Friday, 01 February 2019

0201zakh

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա կ՛ողջունէ վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, Յունուար 31ին կայացած լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

«Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կերպով կ՛իրականացնենք մեր միջնորդական առաքելութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք այն բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, որոնք կայացած են վերջին շրջանին՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ: Լսած ենք այն կառուցողական գնահատականները, որոնք տուած են մայրաքաղաքները, եւ կը կարծենք, որ ատիկա առաջ շարժելու ճիշդ ճանապարհն է», ըսած է Զախարովա:

Նշենք, որ 2018 Սեպտեմբեր 28ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Տուշանպէյի մէջ ունեցած են կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումէն մինչ օրս՝ կողմերուն միջեւ «գործնական կապ» հաստատուած է: Փաշինեան-Ալիեւ եւս մէկ ոչ պաշտօնական հանդիպում կայացած էր Դեկտեմբերին՝ Ս.  Փեթերզպուրկի մէջ, ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ծիրէն ներս: Այս տարուան Յունուար 22ին, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ, Տաւոսի մէջ, տեղի ունեցած մէկ ու կէս ժամնոց հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը կարծիքներ փոխանակած էին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակին եւ յետագայ քննարկումներուն մասին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement