Մամետեարով Փաշինեանի Տրամաբանութիւնը Չի Հասկնար

By Asbarez | Friday, 01 February 2019

0131mamed

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուն Յունուար 31ին արձագանգած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ իր կառավարութիւնը նոյնիսկ չի կրնար քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը:

«Փաշինեանի տրամաբանութիւնը դժուար է հասկնալ: Ինչպէս յայտնի է, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի հովանիի ներքեւ կատարուող բանակցութիւններուն հիմք կը կազմեն նոյնինքն հայկական ուժերու հեռացումը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն։ Այդ պահանջը արտացոլուած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերու մէջ, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ընդունուած գրեթէ բոլոր փաստաթուղթերով: Այս պարագային հարց կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը բանակցութիւններէ հրաժարում չի՞ նշանակեր»:

Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան լրագրողներուն ըսած էր. «Մենք չենք կարող նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը: Մեր կառավարութիւնը Ղարաբաղի հարցում վարում է մի քաղաքականութիւն, որ նախկինում ոչ մի իշխանութիւն չի վարել: Որեւէ զուգահեռ տանելը եւ նախկինում վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւն են»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement