Մերքել Եւ Փաշինեան Քննարկած Են Համագործակցութեան Օրակարգը

By Asbarez | Wednesday, 06 February 2019

0202merkel

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութիւն (ԳԴՀ) գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 1 Փետրուարին, Պերլինի մէջ հանդիպեցաւ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Փաշինեան-Մերքել բանակցութիւնները ընթացան աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով:

Մերքել ողջունեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնական այցը Գերմանիա՝ վստահութիւն յայտնելով, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդուի հայ-գերմանական բարեկամական համագործակցութեան: Ան նշեց, որ Գերմանիան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացմամբ եւ պատրաստ է քննարկելու երկկողմ կապերու ընդլայնման հեռանկարները: Ողջունելով 2018ի խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող իրականացումը, ԳԴՀ վարչապետը նշեց, որ Գերմանիան ուշադրութեամբ կը հետեւի հայաստանեան գործընթացներուն եւ պատրաստ է նպաստելու երկկողմ յարաբերութիւններու աւելի խորացման, աջակցելու բարեփոխումներուն՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Մերքելի հետ կրկին հանդիպելու եւ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած կարեւոր քննարկումները շարունակելու հնարաւորութիւնը:

«Հայաստան կատարած ձեր այցը կարեւոր խթան հանդիսացաւ հայ-գերմանական փոխգործակցութեան զարգացման համար: Ուրախութեամբ, նաեւ՝ հպարտութեամբ եմ արձանագրում, որ իմ այցը կայանում է ձեր այցից ընդամէնը հինգ ամիս անց: Սա նշանակում է, որ մենք երկուստէք տրամադրուած ենք հիմք դնելու հայ-գերմանական առաւել խորացուած եւ թիրախային համագործակցութեանը», նշեց Փաշինեան: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ այսօր առաւել, քան երբեւէ առկայ են նախապայմաններ հայ-գերմանական փոխգործակցութեան օրակարգը նոր բովանդակութեամբ լեցնելու համար: Փաշինեանի խօսքով՝ «եւրոպական ուղղութիւնը շարունակում է մնալ Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնների շարքում եւ այս առումով Գերմանիայի՝ որպէս ԵՄ ծանրակշիռ  անդամներից մէկի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր է»:

0202merkel2

Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-գերմանական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակը. երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափով գործակցութիւն, Հայաստան-եւրոմիութիւն յարաբերութիւններ, միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր:

Անդրադառնալով հայ-գերմանական տնտեսական համագործակցութեան խորացման՝ Փաշինեան եւ Մերքել քննարկեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեանց, բնապահպանութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու հնարաւորութիւնները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու երկխօսութիւնը՝ տնտեսական տարբեր ծրագիրներու իրագործման ուղղութեամբ: Կողմերը անդրադարձան նաեւ Եւրոպական միութեան հետ  արտօնագրերու ազատականացման գործընթացի ուղղութեամբ աշխատանքներուն:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցի շուրջ: Երկուստէք ընդգծեցին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս բանակցային գործընթացի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ խնդրով զբաղուող միակ միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափ:

Բանակցութեանց աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսը:

Վարչապետ Փաշինեան, պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք ԵՄն պիտի ընդլայնէ՞ իր աջակցութիւնը Հայաստանին բարեփոխումներու իրականացման ճանապարհին, յայտնեց, որ իր կառավարութեան կողմէ օրակարգի վրայ դրուած բարեփոխումներու փաթեթը պէտք է իրականացնել առաւել արդիւնաւէտ ձեւով:

«Գնդակը Հայաստանի կառավարութեան դաշտում է: Յանձնակատար Եոհանես Հանի վերջին այցը Հայաստան յստակ պատասխանեց Եւրամիութեան աջակցութեան ընդլայնման հարցին: ԵՄ ներկայացուցիչներն արդէն յայտնեցին, որ պատրաստ են ընդլայնել Հայաստանին տրուող օժանդակութեան ծաւալները: Այս առումով ակնյայտ է, որ Հայաստանի ու ԵՄի, ինչպէս նաեւ ԵՄ երկրների հետ առանձին յարաբերութիւններում շատ լաւ գործընկերային մթնոլորտ է հաստատուած, եւ ես չեմ կարծում, որ այս առումով խոչընդոտներ կ՛ունենանք», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ էական ժողովրդավարական զարգացումներ տեղի կ՛ունենան եւ որեւէ կասկած չկայ, որ այդ զարգացումները կը շարունակուին:

«Այդ շարունակութիւնը կը լինի, ինչպէս նախկինում ասել եմ, անկախ արտաքին աջակցութեան առկայութիւնից կամ բացակայութիւնից, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը մեր ժողովրդի ընտրութիւնն է, արժէքային համակարգը, եւ շատ կարեւոր է, որ այս առումով որեւէ կողմից մեր առաջ չի դրւում, ժողովրդավարութեան համատեքստում, աշխարհաքաղաքական որեւէ ընտրութիւն կատարելու խնդիր, ինչը նշանակում է, որ մեր բարեփոխումների օրակարգը կ՛իրականացուի առաւել բարենպաստ միջավայրում», ըսաւ Փաշինեան, աւելցնելով, որ Հայաստան այդ առումով ուղիղ եւ բաց յարաբերութիւններ  կը պահպանէ ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ), ե՛ւ Եւրոմիութեան գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու մէջ:

«Պէտք է կարողանանք առաւել արդիւնաւէտ իրականացնել բարեփոխումների մեր փաթեթը՝ վստահ լինելով, որ աջակցութիւն կ՛ունենանք ինչպէս ԵՄ, այնպէս էլ ԷԱՏՄ մեր գործընկերներից», աւելցուց Փաշինեան:

0202merkel1

Արդեօք Պերլինը պատրա՞ստ է նոր ջանքեր գործադրելու ի նպաստ Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը մեծցնելու գործին: Հարցին ի պատասխան Մերքելը նշեց. «Մենք արդէն աջակցում ենք, ԵՄն յանձնակատար Հանի միջոցով իր աջակցութիւնն արդէն յայտնել է: Հայաստանը, որպէս անկախ պետութիւն, ինքն է որոշում՝ արտաքին յարաբերութիւններում որ երկրի հետ աշխատի: Եւ մենք ունենք արդէն պայմանագիր՝ խօսքը ԵՄի հետ կնքուած համաձայնագիրն է, որով Հայաստանը կարող է զարգացնել յարաբերութիւնները ինչպէս Գերմանիայի, այնպէս էլ ԵՄի հետ»:

«Մենք կ՛աջակցենք, որպէսզի Գերմանիայի տնտեսական ներուժը Հայաստան գայ: Անցեալ տարի մեր առեւտրաշրջանառութիւնը 40 տոկոսով աճել է: Կարծում եմ՝  անելիքներ շատ կան, եւ հնարաւորութիւններ կան այդ ամէնն անելու համար: Շատ կարեւոր է, որ պարոն վարչապետը արագ զարգացումներ, յաջողութիւններ արձանագրի, որպէսզի տնտեսական թերզարգացումը, որ անցեալում կար, ներկայում եւ ապագայում չլինի:

Մենք նաեւ խօսել ենք կնճռոտ հարցերի մասին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Ինչպէս գիտէք, կողմերի միջեւ առաջին հանդիպումներն են եղել, եւ իհարկէ, անհրաժեշտ է, որ երկու կողմն էլ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն, միակողմանի չլինի այդ ամէնը: Մենք այն կարծիքին ենք, որ պէտք է խաղաղութեան գործընթացը կանգուն պահուի, որպէսզի հնարաւորութիւններն օգտագործուեն»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement