Անտանելի Է Պատկերացնել, Որ Հայեր Սպաննուին Ֆրանսական Զինամթերքով. Մուրատ Փափազեան

By Asbarez | Monday, 11 February 2019

0207macron1

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 5 Փետրուարի երեկոյեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին նախաձեռնած տարեկան ընթրիքին ներկայ եղան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, Ծերակոյտի անդամներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հիւրեր:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ ընթրիքին հրաւիրուած էին հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները, ազգային եւ կրօնական այլ համայնքներու ներկայացուցիչներ, տարբեր երկրների դեսպաններ՝ մօտաւորապէս 480 հոգի:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին բնորոշումով՝ հայ համայնքի տարեկան ձեռնարկը շատ մեծ «քաղաքական ժամադրութիւն» է, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ բոլորին փոխանցել հայութեան քաղաքական պատգամը:

Փափազեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կողմէ սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի՝ մեր տարեկան ձեռնարկին ձեր ներկայութեան համար: Այո, սրտագին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր կապը հոգեկան է՝ ե՛ւ հաւատարմութիւն, ե՛ւ վստահութիւն, ե՛ւ յարգանք: Այս երեկոն կը բնորոշուի մեր փոխադարձ անկեղծութեամբ, զոր կ՛արտայայտենք ամենայն ազատութեամբ՝ անկաշկանդ, որովհետեւ հոս բարեկամական շրջանակի մէջ ենք, ուր, հետեւաբար, հարցերը պէտք է ներկայացուին իրենց անկեղծութեան մէջ: Նախորդ բանախօսին խօսքին կ՛ուզեմ աւելցնել 3 կէտ.

Asbarez_Gendale_Special_cover__287_outԱռաջինը կը վերաբերի 11 Նոյեմբեր 2018ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Փարիզ այցելութեան։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100ամեակին առիթով այդ նախագահը յարգանքով հիւրընկալուի Փարիզի մէջ: Նախագահ՝ որ լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն բանտը դարձուցած է Թուրքիան, ուր բանտարկուած են հազարաւոր ընդդիմադիրներ, ակադեմականներ ու տարբեր պաշտօնատարներ: Այդ ընդունելութեան ի տես, ֆրանսահայութիւնը ապրեցաւ մեծ յուսախաբութիւն եւ հիասթափութիւն, մանաւանդ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրականացուած էր նոյն՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն: Ուստի, այո՛, այս անընդունելի այցելութիւնը խստիւ ու արդարօրէն մերժեցինք, դատապարտեցինք՝ յանուն այն արժէքներուն, որոնք դասաւանդուած ու մեզի փոխանցուած են Ֆրանսայի մէջ, ֆրանսական պետական դպրոցներուն մէջ՝ ի կատար ֆրանսական լուսաւորութեան համամարդկային արժէքներու եւ չափանիշներու:

Այս սրահին մէջ անխտիր բոլորս կը բաժանենք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքները, մարդկային իրաւունքներու յարգումը եւ ազգերու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Եւ այս արժեչափերով եւ սկզբունքներով է, հետեւաբար, որ մենք կը պաշտպանենք ու կը զօրակցինք Արցախի հայութեան, որովհետեւ 1988ին ծաւալած ժողովրդավար արդար շարժման Ատրպէյճան հակազդեց պատերազմով, սպանդով, հազարաւոր զոհերով, բռնագաղթով: Սպանդ եւ պատերազմ էր 1988, 1989, 1990 թուականներուն, եւ դեռ պատերազմ է մինչեւ այսօր, փաստ՝ 2016ի Քառօրեայ պատերազմը: Ու մինչեւ այսօր Պաքու կը շարունակէ հազարաւոր անգամ խախտել զինադադարը: Արդ, պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ կրնանք ընել մենք, բացի զօրավիգ կանգնելէ անընդհատ յարձակման ենթակայ մեր ժողովուրդին, որ կ՛ուզէ ազատ ու խաղաղ ապրիլ պապենական իր հողին վրայ: Ի՞նչ կրնանք ընել, բացի զօրակցելէ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պահանջին: Հոս կը հասնիմ երկրորդ շեշտադրումիս: Ի՞նչ պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի շարունակէ մնալ աշխարհի միակ հակամարտութիւնը, ուր հիմնական կողմերէն մէկը բացակայ է բանակցութիւններու սեղանէն: Ինչո՞ւ: Այլ հակամարտութիւններու պարագային՝ Հարաւային Օսեթիա, Աբխազիա, Քոսովօ, Պաղեստին, խնդրոյ առարկայ բոլոր կողմերը ներկայ են բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ուրեմն, ինչո՞ւ վարել վանողական այս դիւանագիտութիւնը, մանաւանդ, որ տասնամեակներէ ի վեր անիկա ապացուցեց իր ապարդիւնութիւնը: Պարո՛ն նախագահ, գնահատանքով ընկալեցինք մի քանի օր առաջ Հայաստանի վարչապետին շնորհաւորական ձեր ուղերձին մէջ այն կոչը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է գտնէ արդար լուծում: Ի՞նչ կրնանք հասկանալ՝ «արդար լուծում»ով, պարո՛ն նախագահ:

0207macron3

Պարո՛ն նախագահ, մէկ տարի առաջ ձեզ հրաւիրեցինք Լեռնային Ղարաբաղ, զոր մենք կ՛անուանենք իր պատմական անունով՝ Արցախ: Շատ քաղաքավար կերպով զայն կանխեցիք՝ հիմնաւորելով, թէ Ֆրանսա հակամարտութեան լուծման մէջ, իբրեւ Մինսկի խմբակի եռանախագահ, ունի կարեւոր պատասխանատուութիւն, հետեւաբար՝ պէտք է խիստ ուշադիր ըլլայ չէզոքութեան հանգամանքին: Յանուն խաղաղութեան՝ չէզոքութիւնը չենթադրե՞ր նաեւ զէնքի, հրթիռի ու ռազմական այլ տեսակի հաւաքածոներու վաճառքի արգիլումը հակամարտող կողմերէն մէկուն: Պարո՛ն նախագահ, մեզի համար ահաւոր ու անտանելի է պատկերացնել, որ հայեր սպաննուին ֆրանսական զինամթերքով: Եւ այստեղ հաւաքաբար յոյս ունինք, որ ձեզի համար եւս անտանելի կ՛ըլլայ նման բան:

Այժմ 3րդ կէտը. ներկայիս նրբանկատ կացութեան մէջ մենք կարիքը ունինք մեր բոլոր բարեկամներուն: Ղարաբաղի հարցը մեր առաջնահերթութիւնն է: Հետեւաբար, կոչով կը դիմենք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մեր բոլոր բարեկամներուն՝ այցելել Ղարաբաղ՝ զօրակցելու ժողովուրդի մը, որ 2019ին եւս կը դիմագրէ լուրջ վտանգներ: Այցելել հոն՝ կը նշանակէ տեղւոյն բնակչութեան ներարկել շունչ, որուն կարիքը ունի: Այցելել հոն՝ կը նշանակէ խրախուսել այն կանանց ու երեխաներուն, այն մարդոց, որոնք կը պահանջեն խաղաղ կեանք՝ իրենց գիւղերուն, ծննդավայրերուն, իրենց պապենական հարազատ հողին վրայ:

Անոնք ունին այդ իրաւունքը: Ուրեմն, այո՛, վստահաբար դուք ալ կը յայտնուիք Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին վրայ, որուն վրայ արդէն կան բազմաթիւ խորհրդարանականներ, որոնք գիտակցաբար եւ քաջաբար այցելած են Արցախ, եւ որոնց կը փափաքինք անգամ մը եւս յայտնել մեր խորին երախտագիտութիւնը, յանձինս՝ Փաթրիք Տեւէճեանի, Ֆրանսուա Ռոշպլուանի, Ռընէ Ռուքէի, Պրիւնօ լը Ռուի, Վալերի Պուայէի, Լիւք Քարուունասի, Ֆրանսուա Փիւփոնիի, Ժան-Մարք Ժերմենի, Ժան Լոնէի, Նաթալի Նելսոնի, Ֆրանսուազ Տիւմայի…

Կոչով կը դիմենք նաեւ Ֆրանսայի քաղաքներուն, գաւառներուն եւ շրջաններուն, որ բազմապատկեն բարեկամութեան յուշագիրներու կնքումը Արցախի համապատասխան քաղաքներուն հետ, որպէսզի ոչ թէ նեղ կացութեան մատնեն ֆրանսական դիւանագիտութիւնը, այլ զօրացնեն զայն»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement