Փաշինեան Թուրքիոյ Հետ Հայաստանի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Հիմքեր Չի Տեսներ

By Asbarez | Monday, 04 March 2019

0302pashinian1

ՍՊԱՀԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրան այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման համար լաւատեսութեան հիմքեր չի տեսներ:

«Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դիրքորոշումը որեւէ կարելիութիւն չի թողուր հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին լրջօրէն խօսելու», ըսաւ Փաշինեան:

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտան Նիկոլ Փաշինեանի այս վերջին յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Թուրքիա շարունակաբար մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները կը կապէ Արցախի հարցին, այսինքն՝ Հայաստան-Արցախ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն: Հետեւաբար, որովհետեւ տակաւին իրավիճակը այսպէս է, դժբախտաբար, մենք լաւատեսութեան հիմք չենք կրնար ունենալ: Թէեւ մենք ըսած ենք եւ կ՛ըսենք, որ պատրաստ ենք առանց նախապայմաններու այդ յարաբերութիւնները քննարկելու, բայց այս կը նշանակէ, որ Թուրքիա նոյնպէս պէտք չէ ունենայ նախապայմաններ, իսկ այսօր անիկա ունի նախապայման, որ կապուած է Արցախի հարցին հետ»:

Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութեան համար չափազանց կարեւոր է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը:

«Բայց հիմա հարց կրնայ յառաջանալ՝ դուք կ՛ըսէք պատրաստ էք առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու, Թուրքիան կը մեղադրէք նախապայման ունենալուն մէջ, կը յիշատակէք Ցեղասպանութիւնը, արդեօք ասիկա նախապայման չէ՞: Մենք շատ յստակ կերպով կ՛ըսենք, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը ո՛չ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու հարցն է, այլ՝ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի եւ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի հարց մըն է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը մենք կը համարենք մեր ներդրումը համաշխարհային անվտանգութեան եւ ցեղասպանութիւններու դէմ համաշխարհային պայքարի հարցին մէջ: Մենք պիտի շարունակենք հետապնդել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը», ըսաւ Փաշինեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement