ՀՅԴն Յանձնախումբերու Ճամբով Այլընտրանքային Կառավարութիւն Կը Ձեւաւորէ. ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ

By Asbarez | Monday, 04 March 2019

0214shadowgov

ԵՐԵՒԱՆ.- Նկատի ունենալով կառավարութեան կառուցուածքն ու Ազգային ժողովի յանձնաժողովներու գործունէութեան ուղղութիւնները՝ ՀՅԴն կազմեց այլընտրանքային նախագիծերու եւ մօտեցումներու մշակումներով զբաղող յանձնախումբեր: Այս մասին 12 Փետրուարին լրագրողներու յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան՝ աւելցնելով, որ այդ յանձնախումբերը, ըստ էութեան, պիտի դառնան իւրօրինակ այլընտրանքային կառավարութիւն:

Ներկայ դրութեամբ՝ կազմուած են 11 յանձնախումբեր.

  1. Էկոնոմիկա, ներդրումներ, հարկային քաղաքականութիւն եւ հանրային ֆինանսներ
  2. Կրթութիւն, գիտութիւն
  3. Արտաքին քաղաքականութիւն, Սփիւռք եւ հայրենադարձութիւն
  4. Ընկերային ապահովութեան հարցեր
  5. Գիւղատնտեսական, բնական պաշարներ
  6. Ազգային անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն, Արցախ
  7. Արդարադատութիւն, մարդու իրաւունքներ եւ Սահմանադրութիւն
  8. Մշակոյթ, երիտասարդութիւն եւ սպորտ
  9. Տարածքային կառավարում, ենթակառուցուածքներ եւ տեղական ինքնակառավարում
  10. Առողջապահութիւն
  11. Շրջակայ միջավայր

Ըստ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցչին՝ յանձնախումբերու ստեղծման նպատակը  կառավարութեան ծրագիրի ուսումնասիրութիւնն է, առաջարկներ կատարելը եւ ընդհանրապէս կառավարութեան գործողութիւններուն վրայ ուշադրութեամբ հետեւիլը:

«Մեր առաջարկութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները մինչեւ շաբաթուայ վերջը կը հրապարակուեն: Մենք համարում ենք, որ կառավարութեան գործողութիւնների ծրագիրը պիտի մի շարք չափորոշիչների եւ պահանջների համապատասխանի: Պէտք է լինի օրէնք՝ այդ չափորոշիչները սահմանելու համար», ընդգծեց Իշխան Սաղաթելեան:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ Ազգային ժողովին ներկայացուած ծրագիրով Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ոչ թէ նպատակ ունի իրականացնել տնտեսական յեղափոխութիւն, այլ ընդամէնը խաբկանք է:

Այն, որ կառավարութիւնը յայտարարում է, որ սկսում են տնտեսական յեղափոխութիւնը, մեր տպաւորութեամբ, դա բլեֆ է, որովհետեւ կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրը դա տնտեսական յեղափոխութեան ծրագիր չէ: Որովհետեւ 5 տոկոս տնտեսական աճով չես կարող ունենալ տնտեսական յեղափոխութիւն, իսկ կառավարութեան գործունէութեան ծրագրով հիմնարար, սկզբունքային, համակարգային բարեփոխումներ նախատեսուած չեն», փաստարկեց Սաղաթելեան:

Ըստ Սաղաթելեանի՝ կառավարութեան ծրագիրը կը բխի նէոլիբերալ (նոր-ազատական-Խմբ.) գաղափարախօսութենէն եւ ունի կրաւորական ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն։

«Ազգային արդիւնքի բաշխման եւ սոցիալական արդարութեան հիմնահարցերի անտեսումը մեծացնելու է հասարակութեան բեւեռացումը, խորացնելու է հարուստների եւ աղքատների միջեւ գոյութիւն ունեցող անդունդը՝ վտանգելով հասարակութեան համերաշխութիւնը», շեշտեց Սաղաթելեան:

Նոյն ասուլիսին մասնակցող ՀՅԴ մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան, անդրադառնալով Արցախի մասին ծրագիրի ենթաբաժիններուն՝ նշեց, որ ծրագիրին մէջ Արցախը չէ յիշուած իր իսկական իրաւական անունով՝ «Արցախի Հանրապետութիւն»:

«Ոչ միայն մէկ-երկու տեղ, այլեւ ամբողջ ծրագրում չկայ «Արցախի Հանրապետութիւն» անուանում, չէք գտնի, կայ «Արցախ» արտայայտութիւնը, որը, Արցախի Սահմանադրութեան  համաձայն, իրաւական կատեգորիա չէ, աւելին՝ ինքնիշխան պետութեանը բնութագրող հասկացութիւն չէ, ուստի անպայման պէտք է ամրագրուի «Հանրապետութիւն» արտայայտութիւնը՝ որպէս ուղերձ, որ ՀՀն երաշխաւորում է, ճանաչում եւ ներսում ռազմաքաղաքական երաշխիքն է ապահովում: Սրանք արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւոր հարցեր են՝ որպէս ուղերձ աշխարհին», բացատրեց Մինասեանը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ դաշնակցական գործիչը նշեց. «Մենք կարծում ենք, որ չափազանց կարեւոր է աւելացնել նաեւ հետեւանքների վերացման հատուածը՝ որպէս կարեւորագոյն գործողութիւն անկախ պետականութեան համար»:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ան շեշտեց, որ «առանց նախապայմանների կարգաւորում» ձեւակերպումը պէտք է կառավարութեան ծրագիրին մէջ ներառուած ըլլար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement