Ատրպէյճան Ոչ Մէկ Քայլի Ձեռնարկած Է Իր Բնակչութիւնը Խաղաղութեան Պատրաստելու Համար. Շաւարշ Քոչարեան

By Asbarez | Saturday, 09 March 2019

0308shavarsh

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 7 Մարտին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան խօսեցաւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մասին։

«Թէ ինչի հիման վրայ կը վերականգնուեն բանակցութիւնները՝ դժուար է ասել: Բայց այս փուլում Մադրիդեան սկզբունքները միակ փաստաթուղթն են, որոնք ընդունուել են որպէս բանակցային հիմք Հայաստանի ու Ադրբեջանի կողմից, բայց չեն ընդունուել Արցախի կողմից: Իւրաքանչիւր կողմ կարող է առաջարկել ինչ-որ տարբերակներ ու մօտեցումներ, բայց, քանի դեռ դրանք անընդունելի են հակադիր կողմի համար, ընդունուել չեն կարող: Հայաստանը չի հաստատել այդ սկզբունքները, նա ընդամէնը ընդունել է դրանք որպէս հիմք բանակցութիւնների համար: Մադրիդեան սկզբունքները միայն համանախագահների փորձն են՝ մերձեցնելու կողմերի հակադիր մօտեցումները», յայտնեց Շաւարշ Քոչարեան:

Փոխնախարարը աւելցուց, որ Ատրպէյճան ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած է բնակչութիւնը խաղաղութեան պատրաստելու համար, նաեւ Մատրիտեան սկզբունքներու իրագործման ճանապարհին:

«Մենք նման քայլեր չենք տեսնում, ընդհակառակը, Բաքուի իշխանութիւնները խօսում են Զանգեզուրի ու Երեւանի մասին: Հայաստանը շահագրգռուած է արդիւնաւէտ բանակցութիւններով, այլ ոչ թէ բանակցութիւններով յանուն բանակցութիւնների, ինչպէս նախկինում էր, ինչը թոյլ էր տալիս Ադրբեջանին աւելացնել իր ռազմական հզօրութիւնը», ըսաւ Քոչարեան:

Փոխնախարարը նաեւ անդրադարձաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին, որ, ըստ իրեն, շատ պիտի չուշանայ:

«Ժամկէտները կը համաձայնեցուեն, բայց ինձ թւում է՝ հանդիպումը շատ չի ուշանայ», ըսաւ Քոչարեան՝ աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կը տարուի ամէնօրեայ աշխատանք:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement