By Asbarez | Wednesday, 13 March 2019
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր տիկնոջ՝ Անահիտ Սահակեանի հետ 11 Մարտին, Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորեց աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր կինը՝ Աննա Յակոբեանը:
Հայաստանի վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 12 Մարտին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը:
Ատեփանակերտ ժամանած վար-չապետ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցաւ Արցախի նախագահին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայկական երկու հանրապետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած կազմով՝ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ: Անդրադարձ կատարուեցաւ անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող զանազան հարցերու: Երկուստեք ընդգծուեցաւ Հայաստան-Արցախ սերտ փոխգործակցութեան ապահովման եւ ընդլայնման, նախատեսուած ռազմավարական ծրագիրները ժամանակին եւ պատշաճ կերպով իրականացնելու կարեւորութիւնը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին