ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

By Asbares | Sunday, 17 March 2019


0316haytad

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ՀՅԴ <<Արամ Մանուկեան>> երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի արտաքին քաղաքականութեան, Սփիւռքի եւ հայրենադարձութեան հարցերու յանձնախումբը 14 Մարտին կազմակերպած էր հանդիպում-քննարկում ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեանի հետ:

Էւինեան հանդիպման ընթացքին ներկաներուն ծանօթացուց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան, մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացող հանրային դիւանագիտութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի քաղաքական խումբերու հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ տարուող աշխատանքներուն:

Գասպար Կարապետեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) եւ <<Եւրանեսթ>>ի մէջ Հայաստանի խորհրդարանական դիւանագիտութեան մարտահրաւէրներուն եւ Արցախեան հիմնահարցին շուրջ ներեւրոպական զարգացումներուն:

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ ապակեդրոն համագործակցութեան, ապակեդրոն ճանաչման եւ խորհրդարանական կապերու ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Քննարկուեցան նաեւ Եւրոպայի մէջ իրականացող ատրպէյճանա-թրքական հակահայ քաղաքականութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները, անոնց հակազդելու՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի ջանքերը:

 

comments