By Asbarez | Sunday, 17 March 2019
ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- 12էն 14 Մարտի օրերուն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը:
Ժողովի նիստերը ատենապետեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:
Եռօրեայ ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին Եկեղեցուոյ վարչական, կազմակերպա-իրաւական, կանոնական, կարգապահական, հասարակական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերող հարցեր:
Ժողովի սկիզբը անդրադարձ կատարուեցաւ վախճանած Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն: Տեղեկացուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը շուտով պիտի մեկնի Պոլիս՝ մասնակցելու Մեսրոպ պատրիարքի յուղարկաւորութեան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են՝ Խաժակ արք. Պարսամեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլջեան եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան:
Ազգային-եկեղեցական ժողովի (ԱԵԺ) գումարման կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքի մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ ԱԵԺ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արշակ եպս. Խաչատրեան:
ԳՀԽ անդամները լսեցին նաեւ Մայր տաճարի վերանորոգութեան ընթացքին մասին զեկոյցը:
Նկատի ունենալով Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն ծաւալը եւ ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ Մայր տաճարի վերանորոգման ընթացքը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց Ազգային-եկեղեցական ժողով գումարել 1-8 Նոյեմբեր 2020ին:
Մայր տաճարի նորոգութեան պատճառով նպատակայարմար նկատուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գահակալութեան 20ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները իրականացնել եկող տարի:
Ժողովին ընթացքին խօսուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, զեկուցուեցաւ Հայաստանի վարչապետին հրամանով ստեղծուած աշխատանքային խումբին մասին, որուն նպատակն է առաւել հզօրացնել եկեղեցի-պետութիւն գործակցութիւնը՝ ի նպաստ երկրի հզօրացման:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը զեկոյց լսեց Հայոց եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագիրի ընթացքին վերաբերեալ, զոր կը համակարգէ <<Դաւիթեան>> հիմնադրամի նախագահ եւ բարեգործ Ասօ Դաւիթեան:
Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակներուն նուիրուած միջոցառումներու ծրագիր-առաջարկ ներկայացուց յոբելեաններուն նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման յանձնախումբի ատենապետ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց տարուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ թեմերու մէջ կազմակերպել յիշատակի արարողութիւններ եւ հոգեւոր-մշակութային, գիտակրթական, գեղարուեստական, ճանաչողական միջոցառումներ:
2019ը Գարեգին Բ.ի կողմէ հռչակուած է Ընտանիքի տարի: Ժողովականները անդրադարձան հայ ընտանիքին դիմաց ծառացած արդի հարցերու յաղթահարման գործին մէջ հայոց եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ՝ որդեգրելով Մայր Աթոռի եւ թեմերուն կողմէ իրականացուելիք շարք մը հոգեւոր, հասարակական, գիտա-ճանաչողական, հովուական եւ քարոզչական ծրագիրներ:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն ներկայացուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 2018ի գործունէութեան տեղեկագիրը: Ժողովականները քննեցին նաեւ Մայր Աթոռի գործունէութեան ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ Վերստուգիչ յանձնախումբի տարեկան զեկոյցը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին