Ալիեւ Արցախի Հարցի Բանակցային Ձեւաչափը Փոխելը Անընդունելի Կը Համարէ

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

0315aliyev

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ», «Երկիր Մեդիա».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 Մարտին յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններուն ձեւաչափը փոխելու Հայաստանի կառավարութեան փորձերը «անընդունելի են»:

«Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ փոխել բանակցութիւններու ձեւաչափը: Այս մէկը ընդունելի չէ եւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի արգելափակման փորձ է», աւելցուց ան, ըստ «Ինթըրֆաքս»ի։

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մը ընթացքին, Ալիեւ շեշտեց, թէ եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւս հանդէս եկած են բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափին փոփոխութեան դէմ:

«Բանակցութիւնները պէտք է ըլլան արդիւնաւէտ, այլ ոչ թէ յանուն բանակցութիւններու: Անոնք պէտք է հասցնեն ատրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներու ազատագրման», կրկնեց Ալիեւ, դարձեալ «անընդունելի» որակելով Արցախի ներկայ իրավիճակը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement