Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութիւնը Պաքուն Ծանր Դրութեան Մատնած Է

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

bbc_news_logo

BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներու նմանակումին:

Թուարկելով երեւութական բարեփոխումներու պատճառները՝ հեղինակը կ՛ընդգծէ շրջանային գործընթացներու, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը:

«Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ իշխանափոխութիւնը ծանր դրութեան մէջ դրած են Պաքուն, ուր չէին սպասեր դրացի երկրին մէջ այսպիսի զարգացումներու, նկատի ունենալով Երեւանի՝ Ռուսիայէն ուժեղ կախուածութեան հանգամանքը», կը նշուի հրապարակման մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներու քաղաքականութեան մէջ առաջուան պէս կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ առաջինը ըլլալու եւ Արեւմուտքի աչքին «կարեւոր գործընկեր»ի դերը ստանձնելու մրցակցութիւնը:

«Եթէ նախապէս Ատրպէյճան ինքնիրեն կը համարէր Հարաւային Կովկասի առաջատարը Արեւմուտքի ապահովութեան շահերուն (առաջին հերթին քարիւղի եւ հաղորդակցութեան) սպասարկման տեսանկիւնէն, ներկայիս քարիւղի համաշխարհային շուկայի իրավիճակի փոփոխութեան պայմաններուն մէջ, ուժանիւթի նախագիծերը կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ արտաքին գործօններու կարեւորութիւնը իշխանութեան օրինականութեան մէջ կը տկարանայ է, եւ երկիրին առաջնորդը ստիպուած է դիմելու հասարակութեան՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար», կ՛ըսուի BBC-ի յօդուածին մէջ:

Այնտեղ կը նշուի նաեւ, որ ներքին աջակցութիւնը կարեւոր է Ատրպէյճանի համար նաեւ այն պատճառով, որ անիկա «անմիջականօրէն կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի ապահովութեան ամենակարեւոր հարցին՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վրայ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement