Պաքու Դէմ Է Արցախի Հարցի Բանակցային Ձեւաչափի Փոփոխութեան. Ալիեւ

By Asbarez | Tuesday, 26 March 2019

0321aliyev

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի հարցը կարելի է կարգաւորել միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ, 21 Մարտին, Նովրուզի առիթով հրապարակած շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ դարձեալ շեշտելով, որ Պաքու դէմ է բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան, եւ թէ այս դիրքորոշումը կը պաշտպանեն նաեւ հակամատրտութեամբ զբաղող միջնորդները:

Նշենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Մարտին յայտարարած էր, թէ Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու առաջարկը ոչ թէ ձեւաչափի փոփոխութեան, այլ բանակցային ձեւաչափը վերականգնելու առաջարկ է՝ յիշեցնելով, որ 1994ի հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրուած էր հակամարտող երեք կողմերուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իսկ անկէ ետք այդ ձեւաչափը ամրագրուած էր միջազգային այլ փաստաթուղթերու մէջ:

Ատրպէյճանի նախագահը 21 Մարտի իր ելոյթին մէջ հայկական կողմի այս փաստարկներուն որեւէ կերպով չարձագանգեց: Ալիեւ միայն պնդեց՝ ըսելով. «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական տարածքն է, եւ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»:

Խօսելէ ետք բանակցութիւններուն մասին՝ Ալիեւ ընդգծեց, որ անոնց զուգահեռ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ռազմական ներուժը հզօրացնել՝ պնդելով. «Անցեալ տարի իրականացած երկու ռազմական շքերթները ցոյց տուին աշխարհին մեր ռազմական ուժի հզօրութիւնը: Այս տարի, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներուն, մենք մեր կարելին պիտի ընենք բանակաշինութեան համար: Ատրպէյճանի բանակը կը զինուի ամենաարդիական արհեստագիտութեամբ եւ մեր ապահովութիւնը օրէ օր աւելիով կ՛ամրապնդուի»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement