Պաքու Սպառնական Ոճով Կը Դատապարտէ Տօնոյեանի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Monday, 08 April 2019

0402azr

Պահ մը 1 Ապրիլին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ռազմափորձերէն

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- «Նիւ Եորքի մէջ, հայկական համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին՝ «խաղաղութիւն տարածքներու փոխարէն» բանաձեւը՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու համար» բանաձեւով փոխարինելու մասին յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ այդ երկրի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան մասին հերթական ակնառու խոստովանանքը», 1 Ապրիլին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ պատասխանելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ կատարուած յայտարարութեան։

«Հայկական կողմին կը տեղեկացնենք, որ Ատրպէյճանի հանրապետութեան զինուած ուժերը կը գտնուին աշխարհի ամենաուժեղ բանակներու շարքին եւ ի վիճակի են, ինքնապաշտպանութեան ապահովման մասին միջազգային իրաւունքի համապատասխան դրոյթներու հիման վրայ, կարճ ժամանակի մէջ ազատագրելու Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները», աւելցուց նախարարութիւնը՝ նոյն ժամանակ հարցնելով. «Արդեօք նախարարը այդ յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի ղեկավարութեան համաձայնութեա՞մբ»։

«Տօնոյեան լաւ տեղեկացուած է հայկական բանակին մէջ տիրող ողբալի իրավիճակին մասին, բան մը, որ կը փորձէ տարբեր ձեւերով թաքցնել այդ երկրի ղեկավարութենէն եւ հասարակութենէն: Նոյն ժամանակ, (վարչապետ) Նիկոլ Փաշինեան փակ հանդիպում ունենալով բանակի ղեկավարութեան հետ, կ՛ընդունի, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը կառավարուին գողական կանոններով, ինչ որ լուրջ հարց է: Փաշինեան արդէն լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Մեղրիի մէջ զինուորներու ապստամբութեան վերաբերեալ, նոյն ժամանակ քննադատելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Սպայակոյտին մէջ զեղծարարութեան, գողութեան եւ կաշառակերութեան դէպքերը: Հանդէս գալով նման անհեթեթ յայտարարութիւններով՝ Տօնոյեան դարձեալ պաշտօնապէս կը ցուցադրէ Հայաստանի բռնագրաւող էութիւնը: Անշուշտ, Նիւ Եորքի մէջ, Հայկական Սփիւռքին առջեւ հանդէս եկող Տօնոյեանի հիմնական նպատակը Սփիւռքը մոլորութեան մատնել ու յաւելեալ գումարներ աղերսել է», իր կարգին, յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Նշենք, որ 1 Ապրիլին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ երկրին հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերը յատուկ ռազմափորձեր կատարեցին։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement