Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Կայցելէ Ուրուկուէյ

By Asbarez | Wednesday, 24 April 2019

0425mayilian

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հրաւէրով, յառաջիկայ Ապրիլ 23էն 25, Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ կ՛այցելէ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան։ Նախարարին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ուաշինկթընի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ եւ ԸՆկերվարական Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան: Պատուիրակութեան պիտի ընկերակցի ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեան:

Եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Մասիս Մայիլեան եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը առիթ պիտի ունենան մասնակցելու գաղութին մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան շարք մը ոգեկոչման ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ծրագրուած Ուրուկուէյի քաղաքական ոլորտին մէջ կարեւոր դեր ունեցող պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ պիտի հանդիպին:

Մասիս Մայիլեանի այս այցելութիւնը, Արցախի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ, մեծ նշանակութիւն ունի: Յատկապէս կարեւոր են հանդիպումները Ուրուկուէյի արտաքին քաղաքականութիւնը իրականացնող դերակատար անձնաւորութիւններու հետ, որոնք հերթականօրէն տեղեակ կը պահուին Ուրուկուէյի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement