Պաքու Սադրանք Կը Նկատէ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութեան Շուշի Այցելելու Որոշումը

By Asbarez | Thursday, 09 May 2019

0509azr

ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 Մայիսին, յայտարարութեամբ մը քննադատեց 9 Մայիսին Շուշի այցելելու Հայաստանի ղեկավարութեան որոշումը։

«Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան՝ բռնագրաւեալ Շուշի այցելելու եւ հոն «Յաղթանակի օր» տօնելու որոշումը կը հանդիսանայ հայկական կողմին հերթական սադրանքը եւ անգամ մը եւս կ՛ապացուցուի, որ Ատրպէյճանի տարածքները գրաւած է նոյնինքն Հայաստան, որ կը շարունակէ իր վերահսկողութեան տակ պահել ատրպէյճանական հողերը»:

Նախարարութիւնը աւելցուց, թէ Պաքու կը փափաքի Արցախի հակամարտութիւնը լուծել խաղաղ միջոցներով, որպէսզի տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատուի՝ նոյն ժամանակ աւելցնելով. «Եթէ բանակցութիւններով գրաւեալ հողերը չազատագրուին, Ատրպէյճան իրեն կը վերապահէ որեւէ միջոցով վերականգնելու իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքը»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement