Միացեալ Նահանգները Յաւելեալ 7.5 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Հայաստանին

By Asbarez | Thursday, 09 May 2019

0509USAID

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան մէջ, 8 Մայիսին ստորագրուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների կառավարութեան միջեւ աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրի թիւ 12 (փոփոխութեամբ) տարբերակը:

Փաստաթուղթը ստորագրեցին՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ՝ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ), Հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Տեպըրա Կրիզըր եւ ՄԶԳի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով փոխտնօրէնի տեղակալ Ալեքս Սոքոլովսքի:

ՄԶԳ կողմէ ներկայացուած թիւ 12 փոփոխութեան նախագիծով կը նախատեսուի լրացուցիչ 7,449,000 տոլարի չափով յատկացում կատարել ենթակառուցուածքներու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ ՄԶԳի կողմէ իրականացուելիք ծրագիրներու իրականացման:

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին տրամադրուող յատկացումներու ընդհանուր գումարը ներկայիս 73,255,406.36 տոլար է: Թիւ 12 համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհներուն ընդհանուր գումարը հասաւ 80,704,406.36 տոլարի:

comments