By Asbarez | Wednesday, 21 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը (ԲՀԿ) յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միայնակ մասնակցելու իր դիրքորոշումը չէ փոխած: «Ո՛չ մեր կուսակցութիւնում, ո՛չ կոալիցիայում (Հանրապետկան կուսակցութեան հետ) միասնական ցուցակի վերաբերեալ քննարկումներ չեն եղել: Ես չեմ հասկանում, թէ միասնական ցուցակի թեման ինչո՞ւ է դրուել շրջանառութեան մէջ», ըսաւ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան, վկայակոչելով կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի Հոկտեմբեր 3ին տուած հարցազրոյցը, ուր վերջինս յստակ յայտարարած էր ընտրութիւններուն միայնակ մասնակցելու մասին:
«Որեւէ բան չի փոխուել, որպէսզի դիրքորոշումն էլ վերանայուէր», աւելցուց ԲՀԿ պատգամաւորը, նշելով, որ իր կուսակցութեան ցուցակին շուրջ քննարկումներ պիտի կայանան Փետրուարի սկիզբը:
«Ես վստահ եմ, որ մեր կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորելու է Գագիկ Ծառուկեանը, որովհետեւ դուք գիտէք կուսակցութեան նախագահի ունեցած վարկանիշը, եւ բնականաբար՝ մեր կուսակցութիւնը անպայմանօրէն եւ միանշանակ գլխաւորելու է Գագիկ Ծառուկեանը», ընդգծեց Զոհրաբեան:
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն, ՀՀԿ-ԲՀԿ միասնական ցուցակով հանդէս գալու հնարաւորութեան մասին տարաձայնութիւնները աշխուժացան յատկապէս, երբ Նոյեմբերի վերջաւորութեան, իրաւապահները քրէական հետապնդում մը իրականացուցին ԲՀԿի քանի մը ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու դէմ, թմրանիւթերու տարածման կասկածանքով։ Ասիկա մամուլին ու քաղաքական ընդդիմութեան հիմք տուաւ ենթադրելու, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան նպատակ ունի ճնշումներու միջոցով հնազանդեցնել Գագիկ Ծառուկեանը եւ անուղղակիօրէն պարտադրել անոր «Հանրապետական»ին միանալ, ընտրութիւններուն ընթացքին: Այնուամենայնիւ, ԲՀԿ պատգամաւոր Զոհրաբեան հերքեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի միջեւ հակասութիւններուն մասին հրապարակումները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ