ՀՅԴի Ներկայացուցիչներ Կը Հանդիպին Սփիւռքի Փոխնախարարին Հետ

By Asbarez | Saturday, 11 May 2019

0511diaspora

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, 10 Մայիսին,  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Սփիւռքի փոխնախարար Բաբկէն Տէր Գրիգորեանի հետ՝ անոր խնդրանքով:

Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ ՄՈՀ (կամ ՄՈՅ՝ Մասնագիտական ոլորտային յանձնախմբերի) գրասենեակի պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց ափսոսանքը եւ սկզբունքային անհամաձայնութիւնը յայտնեցին կառավարութեան նոր կառուցուածքին նկատմամբ՝ դարձեալ շեշտելով եւ ներկայացնելով նախապէս հրապարակայնացուած իրենց մօտեցումները եւ տեսլականը:

Յատկապէս շեշտուեցան քաղաքական, իրաւական եւ բարոյահոգեբանական այն մարտահրաւէրներն ու խոչընդոտները, որոնք անարդիւնաւէտ պիտի դարձնեն սփիւռքի նախարարութեան փոխարէն վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծուելիք Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի գործունէութիւնը:

Սփիւռքի փոխնախարար Բաբկէն Տէր Գրիգորեան ներկայացուց տակաւին տեսլականի փուլին մէջ գտնուող իրենց պատկերացումները ապագայ կառոյցին վերաբերեալ:

comments