Կը Շարունակուի Իրանի-Հայաստանի Ռազմավարական Ծրագիրները

By Armen Press | Wednesday, 01 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները եւ անոնց յաջորդած ներքաղաքական գործընթացները չեն խոչընդոտէր Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական կարեւորութեան ծրագիրներուն իրականացման: Յուլիս 1ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյէդ Ալի Սաղայեան նշած է, որ կը շարունակուին աշխատանքները՝ Իրան-Հայաստան երկաթագծի եւ կազամթերքի տեղափոխման խողովակաշարի կառուցման ծրագրերուն հետ կապուած, եւ այդ հարցերու քննարկման նպատակով, Յուլիսին Հայաստան պիտի այցելէ փորձագիտական խումբ մը։

Նման ռազմավարական բնոյթի նախագծերու իրագործումը, ինչպէս Հայաստանի մէջ նաւթազտարանի կառուցումը, երկաթագիծը կամ նաւթամթերքի տեղափոխման խողովակաշարը, իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ոչ միայն երկու երկիրներուն վրայ, այլ նաեւ՝ ողջ տարածաշրջանի: Երկաթագծի կառուցման հարցով արդէն իրենց հետաքրքրութիւնը արտայայտած են Ռուսիան, Ղազախստանը եւ Թուրքմէնիստանը»: Դեսպանը նաեւ տեղեկացուցած է, որ խողովակաշարի կառուցման համար պէտք է համատեղ ընկերութիւն ստեղծուի, եւ երկկողմանի համաձայնութեամբ որոշուին նիւթականի ապահովման աղբիւրները: Ան ընդգծած է, որ Իրանի արտահանումներու զարգացման դրամատունը մշտապէս պատրաստ է նիւթականով ապահովել ռազմավարական տարբեր բնոյթի նախագիծեր:

Խօսելով երկու պետութիւններու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու մասին՝ Ս. Ալի Սաղայեան նշած է, որ առկայ է երկկողմանի ներուժ եւ ցանկութիւն՝ ապրանքաշրջանառութիւնը հասցնելու 500 միլիոն տոլարի: «Հիմա այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք, հատած ենք 250 միլիոնի սահմանը եւ կ՛աշխատինք աւելցնել ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները», ըսած է դեսպանը՝ տեղեկացնելով, որ նախորդ տարուան տուեալներով, Իրանէն Հայաստան երթեւեկած է 45 հազար բեռնատար մեքենայ:

comments

Advertisement