Դաշնակցական Երիտասարդներ Ցոյց Կը Կատարեն Հարկերու Համահարթեցման Դէմ

By Asbarez | Saturday, 11 May 2019

 

0511ahazank2 0511ahazank 0511ahazank1 0511ahazank3

ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան շենքին դիմաց, Ուրբաթ, 10 Մայիսին, դատարկ դրամապանակներ նետուած էին: Եկամտային հարկի համահարթեցման դէմ պայքարող «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները այս անգամ ընտրած էին բողոք արտայայտելու այդ եղանակը՝ փափաքելով ցոյց տալ, որ միջին եւ ցած եկամուտ ստացողներուն դրամապանակները դատարկ են, համահարթեցումը ա՛լ աւելի պիտի վատացնէ անոնց ընկերային վիճակը եւ պիտի խորացնէ հասարակութեան շերտերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բեւեռը:

Դաշնակցութեան Հայաստանի Երիտասարդական Միութենէն նախաձեռնութեան անդամները նշեցին, որ նախագիծին ընդունումը պիտի յանգեցնէ աղքատութեան ցուցանիշի աճին եւ պետական ամավարկի մուտքերու կրճատման:

Կառավարութեան շէնքին դիմաց հաւաքուածները նամակ փոխանցեցին գործադիրին՝ ներկայացնելով նախագիծին վերաբերեալ իրենց դիտարկումները ու հիմնաւորումները: Անոնք կը պահանջեն, որ կառավարութիւնը ետ կանչէ Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու մասին նախագիծը կամ չեղեալ յայտարարէ եկամտահարկի համահարթեցումը:

Յիշեցնենք, որ «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը վերջերս հաւեր բերած էր Ազգային ժողովի բակը՝ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement