Քարվաճառը Վերակառուցելու Ծրագիրին Ի Նպաստ Ձեռնարկ

By Asbarez | Tuesday, 14 May 2019

0000Ararat Karvajar

ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

 

«Արարատ» հիմնադրամը 2017ի Սեպտեմբերէն ի վեր, ձեռնամուխ եղած է Արցախի Նոր Շահումեանի շրջանին մէջ գտնուող Քարվաճառի մանկապատանեկան մշակութային կեդրոնի վերականգնման ազնիւ գործին: Հիմնադրամին առաքելութիւնն է՝ հովանաւորել հայրենիքի մէջ հանրային ծառայութիւններու յատուկ ծրագիրներ, որոնք նպատակ ունին նպաստել հայկական ժառանգութեան փոխանցման նպաստող կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական աշխատանքներուն:

Քարվաճառը Արցախի 12 պատմամշակութային տուներէն է: Անիկա յայտնի է՝ իբրեւ Վերին Խաչեն կամ Ծար, որ ղեկավարուած էր Խաչենի իշխանական տան կողմէ, դիմանալով մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը՝ մինչեւ ղարաբաղեան տարածքներուն վրայ ռուսական տիրապետութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին, 1992ին, Քարվաճառի տարածքները արդէն ազատագրուած էին հայկական ուժերուն կողմէ:

Քարվաճառը հարուստ է հայկական մշակութային շուրջ 750 յուշարձաններով, վանքերով, եկեղեցիներով, մատուռներով, ամրոցներով, խաչքարերով եւ արձանագրութիւններով: Անոնցմէ ամենանշանաւորը Դադի վանքն է:

Քարվաճառի տարածաշրջանը Արցախի ամենաբարձր բնակավայրն է եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ Հայաստանի երկրորդ «միջանցքն» է: Յարձակման իբրեւ արդիւնք՝ հայկական ուժերը չորս ուղղութիւններէ գալով՝ գրաւեցին առաւել քան 1900 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Միջանցքը օգնութիւն եւ մթերք ապահովելու անհրաժեշտ անցք մըն է եւ է մինչեւ օրս, որմէ կ՛օգտուի շրջանի շուրջ 2800 բնակչութիւնը: Քարվաճառ քաղաքը ունի շուրջ հազար բնակիչ:

«Project Artsakh» Քարվաճառը վերակառուցելու ծրագիրը «Արարատ» հիմնադրամին հետ գործակցաբար կ՛իրագործէ լայնածաւալ վերանորոգում եւ շինարարութիւն: Մանկապատանեկան մշակութային կեդրոնը վերանորոգութեան եւ վերականգման կարիք ունի՝ ժամանակակից եւ առանձնայատուկ բարձրակարգ յարմարութիւններով: Մշակութային կեդրոնին վերակառուցումը համայնքին եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար անհրաժեշտութիւն մըն է, հայկական հողին վրայ ապրելու եւ հաստատուելու տեսանկիւնէն: Ծրագիրով պիտի ստեղծուին աշխատանքային հնարաւորութիւններ ոչ միայն շինարարներու, այլ նաեւ երաժշտութեան եւ արուեստի ուսուցիչներուն համար: Այս նախագիծը հնարաւորութիւն կու տայ, որ տարածաշրջանին տաղանդաւոր երեխաները եւ երիտասարդները ծանօթանան ու ներկայացնեն իրենց հարուստ մշակոյթը:

«Արարատ» հիմնադրամին հետ կը համագործակցին նաեւ Իրաքահայ միութիւնը եւ «Christians in Need» կազմակերպութիւնը: Յատկապէս այս ծրագիրը յաջողցնելու եւ նիւթապէս օժանդակելու ու աւարտին հասցնելու համար զայն, հիմնադրամը կարիքը ունի այլ կազմակերպութիւններու օգնութեան: Մշակոյթը պահպանելով ազգը կը պահպանուի եւ կը բարգաւաճի:

Եւ այսպէս, 5 Մայիսի երեկոյեեան, Կլենտէյլի «Pierre Garden» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք-ճաշկերոյթ պետական պաշտօնատար անձերու եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի մտաւորականներու ներկայութեամբ:

Խօսքեր արտասանեցին եւ ելոյթներ ունեցան շատեր, որոնցմէ յիշենք՝ Անթոնիա Արսլան, Նունէ Աւետիսեան, Սալբի Քերքոնեան, Արա Ահարոնեան, Լորա Մելիքեան, Արմինէ Զաքարեան, Գայիանէ Գէորգեան, Ֆրետ Սարգիսեան, Վրէժ Աղաջանեան եւ ուրիշներ: Նաեւ հեռակապ հաստատուեցաւ Արցախի հետ:

Օրուան գլխաւոր զեկուցողն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 46րդ ընտրաշրջանէն անդամ Ատրին Նազարեան, որ գնահատագիրով պատուեց «Արարատ» հիմնադրամը: Ան նշեց պատմական եւ մշակութային կարեւորութիւնը Արցախի, որ եղած է իր հայրական եւ նախնիներուն ծննդավայրը: Ատրին Նազարեան շարք մը ծրագիրներ եւ աշխատանքներ կազմակերպած է՝ իր պաշտօնակիցներուն ծանօթացնելու համար Արցախի անկախութեան կարեւորութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ՝ Արցախէն նուիրուած հայկական գորգի, ինչպէս նաեւ նկարչական արուեստի գործերու:

Յայտագիրը ճոխ էր հայկական երաժշտութեամբ, երգով եւ ասմունքով՝ հայ արուեստագէտներու կատարողութեամբ:

Յանուն Արցախի ազատութեան պայքարին զոհուած երիտասարդներուն, ծանր պայմաններուն դիմացող քաղաքացիներուն, հողը հայկական պահողներուն եւ մեր հայրենիքը պաշտպանող քաջարի քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ կազմակերպիչները կոչ ըրին անկարելին ընել կարելի եւ իրականացնել այս ծրագիրները, ի պատիւ մեր հայրենակիցներուն:

7000 մղոն հեռուէն ցոյց տանք, թէ իրենք մոռցուած չեն եւ ունին մեր թիկունքը:

 

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement