Ռոպերթ Քոչարեան Ներկայ Եղաւ Իր Դատական Նիստին

By Asbarez | Tuesday, 14 May 2019

 

0514kocharian

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեւան քաղաքի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, Երկուշաբթի, 13 Մայիսին մեկնարկեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով դատական առաջին նիստը:

Նիստին ներկայ էր նաեւ Քոչարեան: Ներկաները Քոչարեանի՝ դատարան մտնելու պահուն վանկարկեցին «ազատութիւն, ազատութիւն»: Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան նիստին մեկնարկէն 10 վայրկեան ետք ընդմիջում յայտարարեց: Այս նիստին պիտի քննուէր Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու հարցը:

Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ա-լումեան դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին ինքնաբացարկի՝ չորս էջերէ բաղկացած միջնորդութիւն ներկայացուցած է:

Պաշտպանները նշեցին, որ դատաւոր Գրիգորեան 6 Մայիսին ստանձնեց դատական գործը եւ ան այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ չէր կրնար ծանօթանալ քրէական գործին:

Դատարանը ինքնաբացարկի միջնորդութեան քննութեան ձեռնարկած է:

Նշանակուեցաւ 14 Մայիսին յաջորդ նիստը, որուն ընթացքին պիտի հրապարակուի որոշումը:

Մինչ դատարանին մէջ կ՛ընթանար Քոչարեանի դատավարութիւնը, դատարանի բակին մէջ քանի մը քաղաքացիներ կատարեցին բողոքի ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն Քոչարեանի:

comments