Իշխան Սաղաթելեան. Հնին Վերադարձ Չի Լինի

By Asbarez | Thursday, 16 May 2019



Հասարակութեան, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուական միջոցների ուշադրութիւնը այս օրերուն սեւեռած է Մարտ 1ի գործով դատավարութեան վրայ. բազմաթիւ վերլուծութիւններ կը կատարուին այդ ուղղութեամբ: «Առաջին Լրատուական»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան հաւաստիացուց, որ դատավարութեան ընթացքը նաեւ ՀՅԴի ուշադրութեան կենդրոնին է. «Չնայած այն հանգամանքին, որ յայտարարուեց այն մասին, թէ Մարտի 1ի զոհերի մեղաւորների հարցը բացայայտուած է, այս պահին, փաստօրէն, զոհերի մեղաւորների հարցը չի քննւում դատարանում: Ի հարկէ կ՛ուզենայինք, որ նշուած հանագամանքը քննուէր առաջին հերթին: Մեր ուշադրութեան կենտրոնում ենք պահելու դատավարական ընթացքը, հետեւում ենք եւ մեր տեսակէտները պարբերաբար կը յայտնենք»:

Լրագրող Նուէր Մնացականեանի հարցումին, թէ ձեզ չի՞ հետաքրքրեր, որ սահմանադրական կարգի տապալում եղած է, թէ ոչ՝ Սաղաթելեան պատասխանեց. «Ի հարկէ հետաքրքրում է, դա քաղաքական ենթատեքստ ունի: Դեռեւս ամրանը մենք յայտարարում էինք՝ անհրաժեշտ է, որ այն մեղադրանքը, որն առաջադրուած է Ռոբերտ Քոչարեանին, լինի իրաւաչափ: Եւ ընդհանրապէս մեր երկրում տեղի ունեցող ցանակացած դատավարութեան արդիւնքների հետ կապուած՝ մեր հասարակութիւնը պէտք է որեւէ կասկած չունենայ»:

Անդրադառնալով դիտարկման, որ Դաշնակցութիւնը ժամանակին վատ յարաբերութիւններ չէ ունեցած Ռոպերթ Քոչարեանի հետ՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Ռ. Քոչարեանի իշխանութեան տարիներուն ՀՅԴն համագործակցած է անոր հետ. «Այդ համագործակցութիւնը ունեցել է արդիւնքներ մեր երկրի համար: Այս պահի դրութեամբ՝ մեր օրակարգում Ռոբերտ Քոչարեանին աջակցելու կամ չաջակցելու խնդիր չկայ դրուած»:

«Վերջին ընտրութիւններու արդիւննքերը ՀՅԴի կողմէ վերլուծումի ենթարկուա՞ծ են» հարցումին Սաղաթելեան պատասխանեց, որ կուսակցութիւնը անցեալ տարիներուն իր որոշումները, իր իրականացուցած ծրագիրները, ձեռնարկած գործողութիւններու ճշմարտացիութիւնը չէ կրցած փոխանցել լայն հասարակութեան:

«Մենք հիմա աւելի մեծ թափով, աւելի մեծ ծաւալով աշխատելու ենք հասարակութեան հետ, իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն քննադատելու ենք կառավարութեան սխալները»:

Սաղաթելեան իր զրոյցը ամփոփեց՝ ըսելով. «Մենք յստակ ասել ենք, որ հնին վերադարձ չկայ, այսօր երբ քննադատում ենք իշխանութիւններին, մեզ ասում են որ մենք հինն ենք ուզում. ոչ մենք հինը չենք ուզում, բայց չի նշանակում որ ներկայից էլ գոհ ենք»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement