Հայաստանի Նախագահը Հանդիպեցաւ Նոքիաի Տնօրէններու Խորհուրդի Նախագահին Հետ

By Asbarez | Saturday, 18 May 2019

0518nokia

Նուր Սուլթանի (Ղազախստան) մէջ տեղի ունեցող տնտեսական 12րդ ամէնամեայ ֆորումին մասնակցող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպեցաւ հանրայայտ «Նոքիա» (Nokia) ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռիսթօ Սիլասմայի հետ:

Խօսելով աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններուն մասին՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ աշխարհը արագօրէն կը փոխուի արհեստագիտութիւններու, հետեւաբար նաեւ՝ «Նոքիա»ի նման ընկերութիւններու շնորհիւ: Նախագահը նշեց, որ Հայաստան նորարարութիւններու, նոր սկիզբներու հարթակ է, եւ երկրի ապագան սերտօրէն կապուած է նոր արհեստագիտութիւններուն հետ:

Զրուցակիցները յատկապէս կարեւոր համարեցին կրթական համակարգին դերը, զայն նկատելով՝ իբրեւ այդ բոլորին հիմքը:

Նշելով, որ մեր երկիրը Խորհրդային Միութենէն ժառանգած է բաւական լաւ կրթական համակարգ, նախագահ Սարգսեան նոյն ատեն ընդգծեց, որ Հայաստան բաց է «նորը»ին դիմաց: «Մենք մեծ կարեւորութիւն կու տանք կրթութեան, գիտութեան, արհեստագիտութիւններուն՝ խրախուսելով երիտասարդները՝ առաջարկելու նոր գաղափարներ, իւրացնելու նոր արհեստագիտութիւններ եւ ստեղծելու նոր սկիզբներ» ընդգծեց նախագահը:

«Նոքիա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահը իր հերթին ըսաւ, որ իրենք շատ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ արհեստագիտութիւններու ոլորտի զարգացման կարելիութիւններով: Ան նշեց նաեւ, որ արագ փոխուող աշխարհի մէջ յաջողակ պիտի ըլլան այն երկիրները, որոնք լաւ հիմք կը պատրաստեն այդ փոփոխութիւններուն համար:

Նախագահ Սարգսեան ընկերութեան ղեկավարութեան առաջարկեց այցելել Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելու եւ քննարկելու համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները:

«Նոքիա» ընկերութիւնը մասնագիտացած է հեռահաղորդակցութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ելեկտրական սարքերու արտադրութեան ոլորտներուն մէջ: Ընկերութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ մեծ միջոցներ կը ներդրէ հայթայթելու համար արհեստագիտական նոր լուծումներ՝ զանոնք իրենց արտադրանքին մէջ կիրառելու համար:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement