By Asbarez | Tuesday, 21 May 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները Հայաստանի կառավարութիւնը «կը քաջալերէ դատական բարեփոխումները իրականացնել երկրի սահմանադրութեան համահունչ միջոցներով», պատասխանելով «Ազատութեան» լրագրողին հարցումին՝ յայտարարեց Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատունը:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի մէջ անկախ դատական համակարգի ամրապնդման, ներառեալ՝ զեղծարարութեանց դէմ ուղղուած ջանքերուն եւ իրաւունքի գերակայութեամբ հաստատութիւններու ձեւաւորման: Այս քայլերը կը պահանջեն վճռականութիւն, զգօնութիւն եւ կառավարման թափանցիկ ու հաշուետու հաստատութիւններու կառուցման առաջնորդող երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն», կ՛ըսուի դեսպանատան տրամադրած գրաւոր պատասխանին մէջ, որուն մէջ կ՛աւելցուի. «Հայաստանի ժողովուրդը յստակ կերպով մատնանշած է, որ կը սատարէ այս փոփոխութիւններուն»։
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին