Հայաստան Առաջին Անգամ Մասնակցեցաւ VivaTech Միջազգային Ցուցահանդէսին

By Asbarez | Wednesday, 22 May 2019

0522viva

Փարիզի Փորթ տը Վերսայի Parc des expositions-ին մէջ Մայիս 16էն 18 տեղի ունեցաւ արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու VivaTech 2019 միջազգային ցուցահանդէսը:

Այս տարի, առաջին անգամն ըլլալով հոն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի տաղաւարը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մայիս 16ին: Ժապաւէնը կտրեցին Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: Աւելի վերջ, տաղաւարին միացաւ նաեւ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար Յակոբ Արշակեան: Հայկական տաղաւարը անուանուած էր Inspiring Armenia («Ներշնչող Հայաստան»): ՀՀ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութիւնը վայելած այս նախաձեռնութեան իրագործումը կարելի դարձաւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄի, HyeTech Europe-ի, Ֆրանսահայ միջարհեստավարժական համախմբման (G2IA) եւ անոնց գործընկերներուն միասնաբար տարած ջանքերուն շնորհիւ:

Հոն ներկայացուեցան զանազան մարզերու մէջ մասնագիտացած հայկական (Հայաստանէն, նաեւ Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն) խոստմնալից բազմաթիւ start-up-ներ:

Այս երեք օրերուն ընթացքին՝ հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցան նաեւ հանդիպումներ հանրածանօթ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս՝ ճատրակի ախոյեան Կարի Գասպարովի, համացանցի «հայր»երէն համարուող Լուի Փուզէնի, ԹՈՒՄՕի նախագահուհի Մարի-Լու Փափազեանի, ծանօթ երաժիշտ եւ Muzeek start-up-ի հիմնադիր Անտրէ Մանուկեանի հետ եւ այլն:

2019ին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ 17,700 աշխատանք եւ կը կազմէ Հայաստանի ՀՆԱին (PIB) 5.2 տոկոսը, 2017ի բաղդատած՝ արձանագրած ըլլալով 28 տոկոս յաւելում:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement