By Asbarez | Friday, 24 May 2019
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշուեցաւ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ սովորական անձնագիրներ ունեցող անձերու համար մուտքի արտօնագիրի պահանջը փոխադարձաբար վերցնել:
Համաձայնագիրով կը նախատեսուի, որ իւրաքանչիւր կողմի պետութեան վաւեր անձնագիրներ ունեցող քաղաքացիները միւս կողմի պետութեան տարածք մուտք գործելու եւ դուրս գալու կամ տարանցիկ երթեւեկելու միջոցին ազատին մուտքի արտօնագիրի պահանջէն՝ իրենց մուտք գործելու ամսաթիւէն մինչեւ 90 օր ժամկէտով, 180 օրուան ընթացքին:
«Կողմերը շահագրգիռ են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը շարունակ խորացնելու հարցով, ինչպէս՝ միջանձնային շփումներու եւ զբօսաշրջութեան խթանման միջոցով», կ՛ըսուի հիմնաւորման մէջ:
Համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարին՝ յառաջիկային Հայաստան նախատեսուած այցելութեան ընթացքին:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին