Չինական Ընկերութիւն Մը Ստեփանաւանի Մէջ Հանքային Ջուրերու Ծրագիր Պիտի Իրականացնէ

By Asbarez | Friday, 24 May 2019

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Նիու Իտա» ընկերութեան կողմէ ներկայացուած Լոռի մարզի Ստեփանաւան համայնքի Կաթնաղբիւր վարչական տարածքին մէջ իրականացուելիք ներդրումային ծրագիրին հարկային արտօնութիւններ տրամադրելու նախագիծին:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ընկերութիւնը ներկայացուցած է հանքային ջուրի արդիւնահանման եւ շշալցման գործարանի կառուցման ներդրումային ծրագիրը, որուն համաձայն կը նախատեսէ շուրջ 5 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում եւ 20-50 նոր աշխատատեղի ստեղծում  5 տարուան ընթացքին:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ «Նիու Իտա»ն չինական ընկերութիւն մըն է, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ ջուրերու արտադրութեան սկսիլ: «18 ամսուան ընթացքին ներդրողը պէտք է կատարէ բոլոր նախատեսուած ներդրումները՝ 5 միլիոն տոլարի ներդրում»:

Վարչապետը հարցուց, թէ որքա՞ն աշխատատեղ պիտի բացուի ներդրումային ծրագիրը կեանքի կոչելուն իբրեւ արդիւնք. Սուրէն Պապիկեան ընդգծեց, որ մօտաւորապէս 50 աշխատատեղ պիտի բացուի, բայց շեշտեց, որ անիկա մօտաւոր հաշուարկ է, որովհետեւ աշխատատեղերու թիւը կրնայ աւելնալ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement