By Asbarez | Thursday, 30 May 2019
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ Նուր Սուլթանի (Ղազախստան) մէջ սկսած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Վարչապետի մամլոյ վարչութիւնը տեղեկացուց, որ Փաշինեան ընդգծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է նախագահել Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդը:
«Պէտք է նշել, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ՝ նոր կարելիութիւններ տալով մեր երկիրներու գործարարութեան եւ տնտեսութեան համար», ըսաւ Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ կ՛ընդարձակուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջազգային գործընկերներու շրջանակը: «Հիմա արդէն ուժի մէջ պիտի մտնէ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի մասին պայմանագիրը: Արդէն ստորագրուած են տեղեկատուութեան փոխանակման պայմանագիրներ Չինաստանի եւ Վիեթնամի հետ: Բուռն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Սինկափուրի, Եգիպտոսի եւ Սերպիոյ հետ: Ես յոյս ունիմ, որ այդ բանակցութիւնները պիտի յանգեցնեն յստակ արդիւնքներու՝ նոր կարելիութիւններ ստեղծելով մեր երկիրներու գործարարութեան եւ տնտեսութեան համար», նշեց վարչապետը:
Ան ընդգծեց Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի դերակատարութիւնը՝ համարկումի այս նախագիծի ստեղծման հարցով: «25 տարի առաջ, Նուրսուլթան Ապիշեւիչ առաջարկեց Եւրասիական համարկումի գաղափարը եւ 5 տարի առաջ անիկա կեանքի կոչուեցաւ: Հայաստանի կառավարութեան նպատակն է՝ աշխատիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ, դարձնել զայն աւելի արդիւնաւէտ եւ աւելի գրաւիչ մեր միջազգային գործընկերներուն համար: Ես վստահ եմ, որ այսօր մեր որոշումները պիտի նպաստեն զարգացման», ընդգծեց վարչապետ Փաշինեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ