Նախագահ Սահակեան Հանդիպեցաւ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Անաթոլի Փիփիլովի Հետ

By Asbarez | Saturday, 01 June 2019

0601bibilov

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ, 31 Մայիսին հանդիպեցաւ Ֆութպոլի անկախ միութիւններու համադաշնակցութեան (CONIFA-ՔՈՆԻՖԱ) Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն առիթով, Արցախ ժամանած Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան նախագահ Անաթոլի Փիփիլովին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Երկուստեք շեշտուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու հետեւողական ընդլայնման եւ խորացման ու համատեղ տարբեր ծրագիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

comments