Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հանդիպեցաւ Աբխազիոյ Իր Պաշտօնակիցին Հետ

By Asbarez | Saturday, 01 June 2019

0601massismayilian

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Ուրբաթ, 31 Մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպեցաւ Աբխազիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Տաուր Քովէի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ էին Աբխազիոյ Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Վալերի Մայրոմեան եւ Աբխազիոյ հայ համայնքի ղեկավար Գալուստ Տրապիզոնեան:

Պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտ ժամանած է՝ մասնակցելու Ֆութպոլի անկախ միութիւններու համադաշնակցութեան հովանիին տակ 2019 Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բացման արարողութեան:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նշեցին նման միջոցառումներու կարեւորութիւնը՝ երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատման եւ ընդլայնման տեսանկիւնէն:

Ֆութպոլի անկախ միութիւններու համադաշնակցութեան հովանիին տակ 2019ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի սկսին 1 Յունիսին եւ պիտի տեւեն տասը օր:  Նշենք, որ մրցումներուն կը մասնակցին 8 խումբեր:

comments