Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ConiFA-2019 Եւրոպայի Ախոյեանութեան Հանդիսաւոր Բացման Արարողութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 04 June 2019

0604conifa

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ, 1 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆութպոլի անկախ միութիւններու ընկերակցութեան (ConiFA-2019) Եւրոպայի ախոյեանութեան հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը. ախոյեանութեան կարգախօսն է «Բաց դռներ, ամուր դարպասներ»:

Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ բացման արարողութեան ներկայացուեցաւ երաժշտական համադրութիւն մը, որուն միահիւսուած ներկայացուեցաւ Արցախի մշակոյթը՝ իր ամբողջ ներկապնակով՝ հորովել, փողային եւ հարուածային  գործիքներ, թմբկահարներ, երգի եւ պարի համոյթներ, մանկական երգչախումբ, տարազներու ցուցադրութիւն եւ այլն:

Ախոյեանութեան մասնակցող Աբխազիոյ, Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի, Հարաւային Օսեթիոյ, Չամերիայի, Սափմիի, Աեքէլի Լանտի եւ Փատանիայի մարզիկները յաջորդաբար մտան մարզադաշտ։

Բացման  խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան՝ նշելով, որ Արցախի մէջ այսօր տեղի կ՛ունենայ նշանակալի իրադարձութիւն մը:

«Արցախ ժամանած են աշխարհի զանազան երկիրներէ բազմաթիւ հիւրեր, որոնց շարքին նաեւ՝ պետական այրեր: Կ՛ուզեմ ողջունել եղբայրական Հարաւային  Օսեթիոյ Հանարապետութեան նախագահ Անաթոլի Փիփլովի, ConiFA-ի նախագահ Փեր Անտրես-Փլինթի, «Ֆութպոլի անկախ ընկերակցութիւններու Եւրոպայի միութեան» նախագահ Ալպերթօ Ռիքէոյի։ Մեզի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել  ձեզ Արցախի  հողին վրայ: Նման մարզական միջազգային միջոցառում  մեր երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամն ըլլալով: Յոյս ունիմ, որ թէ՛ մարզիկները, թէ  ֆութպոլասէրները բաւականութիւն կը ստանան խաղերէն: Մարզանքը, յատկապէս  ֆութպոլը, այն բացառիկ բնագաւառներէն է, որոնք պէտք է միաւորեն ժողովուրդները, ամրապնդեն անոնց միջեւ բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը, նպաստեն կապերու հաստատման եւ այլն: Մարզանքը սահմաններ, սահմանափակումներ, խտրականութիւն եւ երկակի չափանիշներ չի ճանչնար: Անիկա խաղաղութեան խորհրդանիշ է, այն որ պայքարը արդար  է, եւ կը յաղթէ ան, որ լաւ պատրաստուած …», ըսաւ նախագահ Սահակեան:

Հանդէս եկաւ նաեւ ConiFA-ի նախագահ Փեր Անտրես-Փլինթ, որ յայտնեց, թէ իրենց համար մեծ պատիւ է բոլորին հետ այսօր Արցախի մէջ ներկայացնել  ConiFA-2019 Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:

«Այսօր, մենք կը ներկայացնենք տարբեր երկիրներ, որոնք ժառանգած են զանազան մշակոյթներ, անցած պատմական տարբեր ուղիներ, այդուհանդերձ այս ախոյեանութիւնը մեզ համախմբած է մէկ յարկի տակ՝ իբրեւ իւրայատուկ  դեսպաններ հանդէս գալու եւ աշխարհին ներկայացնելու  մեր ժողովուրդները, ցոյց  տալու, որ, անկախ բոլոր հանգամանքներէն, անկախ մեր ծագումէն՝ մենք  կրնանք ստեղծել բարեկամութիւն եւ կրնանք սերմանել փոխադարձ յարգանք: ConiFA-ն կը ձգտի հասնիլ  խաղաղութեան, ըլլալ աւելի հանդուրժող, աւելի բարեհաճ աշխարհի հանդէպ…», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ արտերկրէն ժամանած լրագրողները խաղերը մեկնաբանելու ատեն անպայման կը կիսուին Արցախի մասին տպաւորութիւններով, որովհետեւ անիկա հիասքանչ է:

Համերգային ծրագիրի ընթացքին երգերով հանդէս եկան հայ եւ սպանացի կատարողներ:

Բացման հանդիսութեան ներկայ եղան Արցախի առաջին տիկին Անահիտ Սահակեան, Ազգային  ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Փիփիլով, պետական պաշտօնեաներ, շարք մը երկիրներէ ժամանած հիւրեր, լրագրողներ եւ ֆութպոլասէրներ:

Հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement