Վարդան Յարութիւնեանը Իր Գրութիւններուն Համար Ծեծելու Պատասխանատուութիւնը ցուցադրաբար Կը Ստանձնէ Գեղամ Մանուկեան

By Asbarez | Wednesday, 05 June 2019

0605keghammanoukian

ԵՐԵՒԱՆ.- Բազմաթիւ ՀՅԴականներ Երեքշաբթի, 4 Յունիսին ներկայացան Երեւանի եւ մարզերու ոստիկանատուներ եւ յայտարարեցին Վարդան Յարութիւնեան անունով անձ մը ծեծած ըլլալու իրենց պատասխանատուութիւնը:

«Ես եմ ծեծի ենթարկել ՀԱԿ ակտիւիստ Վարդան Յարութիւնեանին իր գրառումների ու ձեւակերպումների համար», յայտարարեց «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի քաղաքական հաղորդումներու բաժինի խմբագիր Գեղամ Մանուկեան՝ ըստ որուն, բազմաթիւ այլ անձեր, նաեւ ոչ-դաշնակցականներ միացած են իր քայլին:

«Սա վկայեց մէկ բանի մասին, նաեւ հանրութիւնն է հասկանում, որ նման վուլգար (գռեհիկ-Խմբ.) ձեւակերպումներով, անբարոյական ձեւակերպումներով խօսքը տեղ չունի մեր ազգային արժէքների, աւանդոյթների վերաբերեալ նման ձեւակերպումները, Արցախի նկատմամբ նման ձեւակերպումները տեղ չունեն, թոռնիկի ներկայութեամբ պապիկի վրայ յարձակումը տեղ չունի, այն ինչին ականատես եղանք մի քանի օր առաջ»:

Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ իրենց ըրածը կուսակցական քայլ չէ, իրենք պարզապէս հանրութեան ցոյց կ՛ուզեն տալ, որ այլեւս կարելի չէ հանդուրժել այն անթոյլատրելի թշնամանքը, ատելութեան խօսքը, որ այսօր տարածուած է ընկերային ցանցերուն վրայ:

«Երբ մի երիտասարդ կարող է գրառում անել, «թուրք» կոչել արցախցուն, Պարգեւ սրբազանին վերջին գռեհիկ բառերն ասի, ասում ենք խօսքի ազատութիւն, բայց հոյ չենք ասում… Ես առիթ եմ ունեցել իրենց կազմակերպիչներից Ջիւան Աբրահամեանին ասել, որ թող ներողութիւն խնդրի, բազմաթիւ փորձեր են արուել, հիմա չասեմ», յայտարարեց Մանուկեան՝ բացատրելով իր քայլին դրդապատճառը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement