Արոնեան Յաղթեց Ատրպէյճանցի Մրցակիցին

By Asbarez | Saturday, 08 June 2019

0608Aronian

ՍԹԱՒԱՆԿԵՐ, Նորվեկիա.- Ճատրակի աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն մէկը համարուող Նորվեկիոյ միջազգային մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն,  Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ատրպէյճանցի մրցակից Շահրիար Մամետեարովի դէմ:

Ցարդ Արոնեան ապահոված է 4 կէտ եւ երրորդ տեղը կը գրաւէ։

Աշխարհի լաւագոյն ճատրակի 10 վարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցող մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Յունիս։

Ցարդ առաջատարն է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսեն:

Չորրորդ հանգրուանին, Արոնեան պիտի մրցի ֆրանսացի վարպետ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ:

comments