Առաւել Քան 100 Հեղինակաւոր Գործիչներու Մասնակցութեամբ Միտքերու Հայկական Գագաթնաժողովը Դիլիջանի Մէջ

By Asbarez | Tuesday, 11 June 2019

0611armensarkissyan

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս».- Դիլիջան քաղաքին մէջ, մեկնարկը կատարուեցաւ ֆրանսական հեղինակաւոր «Միտքերու գագաթնաժողով»ին: Ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու գագաթնաժողով»ը («Summit of Minds») այս տարի առաջին անգամն ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Հայաստան առաջին երկիրն է, որ այս ժողովը Շամոնիէն դուրս կը հիւրընկալէ:

Ժողովին կազմակերպման մասին բացառիկ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Սեպտեմբեր 2018ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ իբրեւ գլխաւոր բանախօս կը մասնակցէր ամէնամեայ «Միտքերու գագաթնաժողով»ին:

Ժողովին կը մասնակցին հայաստանցի եւ օտար առաւել քան հարիւր հեղինակաւոր քաղաքական ու զինուորական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, գործարարներ եւ ձեռնարկատէրեր:

Գագաթնաժողովին նախատեսուած են շարք մը քննարկումներ, որոնց ընթացքին անդրադադարձ պիտի կատարուի Եւրասիոյ եւ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական գործընթացներուն, բարձր ճարտարագիտութեան ու կառավարման, արհեստական բանականութեան եւ թուային տնտեսութեան:

Ժողովը աւարտեցաւ 9 Յունիսին: Գագաթնաժողովին գլխաւոր գործընկերը «The Monthly Barometer» հեղինակաւոր վերլուծական թերթն է:

0611dilijan1

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»ի եզրափակիչ քննարկումին, զոր վարեց «Միտքերու գագաթնաժողով»ի կազմակերպիչ, «The Monthly Barometer»ի հիմնադիր Թիէրի Մալըրէ: Քննարկումին մասնակցեցան «Կուկըլ» ընկերութեան գնումներու բաժանմունքի տնօրէն Թետ Սոտըր, իտալական հանրայայտ «Լէոնարտօ» ընկերութեան ռազմավարութեան եւ արհեստագիտութեանց հարցերու տնօրէն Ճիորճիօ Մոսքա, Բրիտանիոյ «Քենթ» համալսարանի փրոֆեսէօր Էլենա Քորոսթելեւա, «Սինափսիս Արմինիա»ի նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արմէն Նուրբէկեան:

Նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ գագաթնաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մասնակցած անձերուն եւ ըսաւ. «Ես շատ բան սորվեցայ գագաթնաժողովէն, սակայն կան հիմնական երեք հարցեր. ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ, ի՞նչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել: Համոզուած եմ, որ մէկ բան կարեւոր է՝ մենք կարիք ունենք տապանի, որ, հաւանաբար, «Միտքերու  գագաթնաժողով»ն է, որ կրնայ փրկել աշխարհը, որովհետեւ աշխարհը դարձած է շատ աւելի բարդ: Այդ բարդութիւնը աւելին է, քան որեւէ արհեստական բանականութիւն կրնայ լուծել: Մենք մարդկային միտքերու գագաթնաժողովի, ինչպէս նաեւ ձեզի պէս մարդոց կարիքը ունինք՝ լուծումներ գտնելու համար»:

Գագաթնաժողովին մասնակցողներու շարքին էին 2005էն 2007 Ֆրանսայի վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփեն, Միացեալ Նահանգներու նախկին  նախագահ Պարաք Օպամայի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական զօրավար Ճէյմզ Ճանզ, Միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերու Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ, ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի ներդրումներու եւ ձեռնարկատիրութեան բաժինի տնօրէն Ճէյմզ Ճան, Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախկին նախարար, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկութեան տնօրէն Լորտ Արա Տարզի, Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի նախագահ Մասիմօ Ինկուշօ, Siemens ընկերութեան տնօրէն Ժան-Մարք Լիշքա (Jan-Marc Lischka), Ֆրանսական THALES ընկերութեան փոխնախագահ եւ տարածաշրջանային տնօրէն Փօլ Ռեմի, Սկոլքովոյի կառավարման դպրոցի խորհուրդի ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Ալեքսանտր Վոլոշին:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement