Լեւոն Մնացականեան Նշանակուեցաւ Արցախի Ոստիկանապետ

By Asbarez | Wednesday, 12 June 2019

 

0612levonmnatsaganyan

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յունիսին հաստատեց կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն, Լեւոն Մնացականեան կը հեռացուի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանք մը սկսելու պատճառով:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նոյն օրը, նախագահը հաստատեց կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն՝ Վլատիկ Խաչատրեան կը նշանակուի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն՝ հեռացուելով  ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն:

Երկրին ղեկավարը ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան կը հեռացուի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելուն պատճառով:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրեց այլ հրամանագիր մը՝ Լեւոն Մնացականեանը Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ նշանակելուն վերաբերեալ:

Բակօ Սահակեանի նոյն օրը ստորագրած այլ հրամանագիրով մը՝ Իգոր Գրիգորեանը նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական-Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ:

Նախագահ Սահակեան, 11 Յունիսին այցելեց Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանատունը եւ անձնակազմին ներկայացուց նորանշանակ ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

Երկրին ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Իգոր Գրիգորեանին՝ անոր գործունէութեան համար:

Նոյն օրը, նախագահը այցելեց Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան գրասենեակը եւ անձնակազմին ներկայացուց ծառայութեան նորանշանակ տնօրէն Վլատիկ Խաչատրեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement