By Asbarez | Tuesday, 18 June 2019

Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2019ի պատրաստութեան ծրագրին համաձայն՝ 17 Յունիսին, Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրատեսակներու ներգրաւումով՝ մեկնարկեցին հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւնները:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ համաբանակային կարեւորութիւն ունեցող զօրավարժութիւնը, որուն ընդգրկուած են շուրջ 10,000 զինուորներ, առաւել քան 200 հրետանային համակարգերեր, շուրջ 150 զրահամեքենաներ, աւելի քան 50 Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, առաւել քան 400 ինքնաշարժներ եւ այլ շարժակազմեր, պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Յունիս:
Հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւններուն ընթացքին, հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ գիշերային պայմաններու մէջ զօրքերու գործնական խնդիրներու կատարման վրայ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի մշակել մարտավարութեան նոր դրուագներ:
Զօրավարժութիւններուն ընթացքին պիտի փորձուին բարձր արհեստագիտութեամբ համալրուած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր եւ զինատեսակներու նոր նմուշներ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ