Հայաստանի Մէջ Ամուսնութիւնները Աւելցած Են, Ամուսնալուծութիւնները Նուազած

By Asbarez | Wednesday, 19 June 2019

0619weddings

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արդարադատութեան նախարարութեան «Քաղաքացիական կացութեան ակտերի գրանցման գործակալութիւն» կառոյցին տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 2019ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 6 հազար 97 ամուսնութիւններ, ինչ որ 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած՝ աւելցած է 521ով: Միւս կողմէ, ամուսնալուծութիւններուն թիւը նուազած է 151ով։ 2019ի առաջին հինգ ամիսներուն արձանագրուած են 1506 ամուսնալուծութիւններ։

«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Լուսինէ Մարտիրոսեան:

comments