Ռուստամ Բադասեան, Արդարադատութեան Նախարար

By Asbarez | Thursday, 20 June 2019

0620rustam

ԵՐԵՒԱՆ, «Արցա-խփրէս».- Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Ռուստամ Բադասեան նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարար:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 131րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5րդ յօդուածի առաջին մասի՝ Ռուստամ Բադասեանին նշանակել արդարադատութեան նախարար», կը նշուի հրամանագիրին մէջ։

Յիշեցնենք, որ 7 Յունիսին, Արտակ Զէյնալեան արդարադատութեան նախարարի պաշտօնէն հրաժարական տուաւ:

comments